
Համազգայինի Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանի զաւկին՝ Վիգէն Արսլանեանի Լիբանան այցելութեան ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը առիթը պատեհ նկատելով հանդիպում մը ունեցաւ անոր հետ: Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ Համազգայինի ծրագիրներուն, ի մասնաւորի Արսլանեան Ճեմարանին մէջ շինարարական աշխատանքներու եւ նոր ծրագիրներու մասին:
Գնահատելով Համազգայինի տարած աշխատանքը՝ Վիգէն Արսլանեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ յառաջիկային դարձեալ տեսնուելու պայմանով բաժնուեցաւ Կեդրոնական Վարչութենէն:
Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն ան այցելեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան հետ: