
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը արդէն իսկ սկսաւ լիբանանահայ արուեստասէրին հրամցնել իր այս տարուան ներկայացումը` Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած եւ անոր մէջ բեմագրական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
Հինգշաբթի, 30 եւ Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին թատերախումբին հին եւ նոր անդամները` Հրայր Գալեմքէրեան, Ժան Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Սարին Պագալեան, Սիլվա Ատուրեան, Դալար Տէր Սարգիսեան, Զաւէն Պաաքլինի, Նժդեհ Մկրտիչեան, Յարութ Սամոյեան, Գոհարիկ Քերոբեան, Հերմինէ Նիւրբէթլեան, Էթիեան Սէօքիւնեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմը հարստացուցին տարբեր պատկերներով, տարբեր մթնոլորտով, տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ տեղի ունեցող եօթը կարճ տեսարաններով, որոնց նիւթը, ամբողջովին իրարմէ անջատ ըլլալով հանդերձ, կը բովանդակէր հասարակաց գիծեր, զգացումներ, մարդկային մօտեցումներ:
Հետաքրքրական եւ նոր ոճով ներկայացուած այս թատերախաղին ընթացքին հանդիսատեսը կ՛ապրի դերասաններուն հետ, կը զգայ անոնց մարմնաւորած իւրաքանչիւր կերպարին ներաշխարհին վերիվայրումները, կը բարկանայ եղած անարդարութիւններուն, զիջողական կեցուածքներուն, խաբեբայութիւններուն համար, կը խնդայ միամիտ, սրամիտ ու երգիծական պատկերներուն ատեն, կը ցաւի մարդկային արժէքներու ոտնահարման ի տես, կ՛ըմբոշխնէ սիրոյ ու մտերմութեան պահեր, ամուսնացած զոյգերու, հօր եւ որդիի, տիրուհիի եւ վարժուհիի, տնօրէնի եւ պաշտօնեայի յարաբերութիւններուն բաժնեկից կ՛ըլլայ: