
Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի ծանօթ մտաւորական Աշոտ Ներսիսեանի «Կարօ Սասունի» հատորին ներկայացումը:
Կարելի չէ այս ձեռնարկը բաղդատել աւանդութիւն դարձած որեւէ այլ գիրքի մը գինեձօն-շնորհահանդէսին կամ ներկայացման հետ, ոչ թէ որովհետեւ հեղինակը ներկայ չէր եւ կամ հայ զէնքի, գրիչի մարդու, պատկառելի ուսուցիչի եւ կամ մեծ կուսակցական եւ զոհաբերուած յեղափոխական Կարօ Սասունիի կեանքին նուիրուած հատորն էր, այլ՝ անոր համար, որ հայ համեստ եւ օրինակելի մարդու մը կեանքն ու գործը կը վերարժեւորուէր իր կրտսեր ընկերներուն կողմէ: Մէկ խօսքով, հայու մը կեանքը, որ միաձուլուած էր մեր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան հետ:
Ձեռնարկին, որուն ներկայ էր «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, տիտանական Կարօ Սասունիի որդին՝ Բագէն Սասունին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչը, Սասունիի ընտանիքին ծանօթներն ու բարեկամները, հաւատաւոր ընկերներն ու համազգայնականները, խօսք առին գաղութիս ծանօթ մտաւորականներէն, հայ գիրի եւ մտքի ծանօթ մշակներէն՝ Քրիստափոր Բագրատունի, Կարօ Պետրոսեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրենց հարազատ գրիչով եւ արդար վաստակով մեծ ներդրում արձանագրած են սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ:
Իրենց խօսքին սկիզբը, հատորը ներկայացնող այս երեք հայորդիներն ալ նախ ջերմօրէն ողջունեցին «Համազգային»ը եւ անոր հիմնադրութեան 80 ամեակին առթիւ յատուկ բարի մաղթանքներ փոխանցեցին, միեւնոյն ատեն մեծապէս գնահատելով Շրջանային վարչութիւնը, որ նման աշխատանքներով կը շարունակէ իր հիմնադիրներու ճամբան:
Յանուն «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, իբրեւ ձեռնարկի հանդիսավար Անիթա Հաւաթեան շնորհակալութեան եւ բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք, գեղեցկօրէն անդրադարձաւ ձեռնարկի էականութեան, միաժամանակ շեշտելով, թէ «Համազգային»ի ընտանիքին համար նման նախաձեռնութիւն անկասկած, որ առիթ մը պիտի ըլլար միութեան 80ամեայ գործունէութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման:
Առաջին խօսք առնողը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան, իր խօսքի սկիզբը, պարզելէ ու մեկնաբանելէ ետք «տիտան» բառը, Կարօ Սասունին դասեց տիտաններու սերունդին եւ ապա ամփոփ գիծերով ներկայացուց հատորին ներքին բաժանումները: Անցնելով հատորի բովանդակութեան՝ Սարգիս Մահսէրէճեան շեշտեց, թէ հատորը «վաւերագրական գործ մըն է, հիմնուած տուեալներու վրայ, որ միաժամանակ գիտական ուսումնասիրութիւն մըն ալ է, որ Ներսիսեան հեղինակը խղճմտօրէն կատարած է՝ շատ յաճախ գրական արտայայտութիւններով համեմելով իր էջերը»:
Անցնելով Սասունիի կենսագրական գիծերուն, Մահսէրէճեան շատ հարազատօրէն ներկաներուն աչքին պարզեց անոր մանկութիւնը, Սասունի Ահարոնք գիւղը՝ 1888ին, հայրը՝ Իշխան Խազարը, եղբայրները՝ Գալուստը, Աբրահամն ու Գէորգը, ու յատկապէս մայրը՝ Աննան, որուն կը պարտի իր ազգային նկարագիրը:
Յիշեց անոր ազգական Հրայր Դժոխքը եւ Գէորգ Չաւուշէն ստացած ներշնչումը, միաժամանակ շեշտաւորելով «չարաճճի Կարոյի իր ընտանիքին «ծուռ» անդամը որակուիլը, իր անսպառ եռանդին եւ իր նախահայր Սասունցի Դաւիթին ծռութեամբ յատկանշուած»: Ապա տակաւին որսի պահուն անոր ոտքին վնասուածքը, որ զինք կաղ դարձուցած էր եւ որ սակայն առիթ ստեղծած էր անոր դէպի «գրիչ ու գիր յարելուն»:
Մահսէրէճեան լայնօրէն անդրադարձաւ Օսմանեան սահմանադրութեան եւ ֆետայական շարժման ընթացքին Սասունիի տարած աշխատանքներուն, «Կեդրոնական»ի աշակերտ դառնալէն մինչեւ դաշնակցական ղեկավարներու ուշադրութիւնը գրաւող Կարոյին, որ դարձաւ կուսակցական գործիչ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծնունդէն առաջ: Ապա ան ծանրացաւ Սասունիի արտերկրի կամ սփիւռքեան կեանքի տարիներուն վրայ, անոր աքսորական կեանքի շրջանները, Պարսկաստանէն Պոլիս, Պուլկարիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա, եւ վերջին բնակավայրը՝ Պէյրութ:
Աքսորական կեանքի ամէնէն բեղուն 55 տարիները կազմած են հատորին 11րդ գլուխը, շարունակեց ան: Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վերականգնումը, բարօրութիւն ու մշակոյթի վերելքը կը կազմեն Կարօ Սասունիի կեանքի յաջորդ հանգրուաններուն խորագիրները՝ առանց զինք հեռացնելու յեղափոխական գործունէութենէ, «որ իր երակներուն մէջ ներարկուած էր մօր կաթին հետ»:
Մահսէրէճեան, ծանրանալէ ետք Սասունիի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս գրականութեան եւ հայ ազատագրական շարժումի պատմութեան դասաւանդութեանց վրայ, իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այս գործը, ինչպէս հեղինակ Ներսիսեան ըսած է, փորձ մըն է մեծ հայուն ու դաշնակցական գործիչին կեանքին ու գործունէութեան ներկայացման: Սասունի եւ իր նման տիտանները պատմութեան անցնելէ ետք, ժառանգ թողուցին անժամանցելի պատգամներ, դատումներ, որոնք սնունդ կÿառնեն մեր ամբողջ պատմութեան էութենէն ու իբրեւ ուղեցոյց, մեր քայլերը կÿառաջնորդեն այսօրուան աշխարհին մէ»ջ:
Սասունի հայ մարդուն ներկայացումէն ետք, Կարօ Պետրոսեան իր կարգին նախ յիշեցուց, թէ Կարօ Սասունիի նուիրուած այս երրորդ ձեռնարկն է եւ շեշտեց, թէ Սասունի «այն հայն էր, որ շուրջ 70 տարիներ անընդհատ իր բազմատաղանդ կարողութիւնները յամենայնի նուիրեց արդի մեր պատմութեան ամէնէն զգայուն ժամանակահատուածին, ժողովուրդի գործին, ղեկավարման քաղաքական գործունէութեան, մշակոյթի ոլորտներուն, սերունդներու դաստիարակութեան եւ պատմայուշագրական երախտաւոր աշխատասիրութիւններուն մէջ»:
Կարօ Պետրոսեան կատարեց հետեւեալ նշումները, որոնք Սասունիի կեանքին մէջ անխուսափեելի եւ բեղուն գործունէութիւններ էին.
Ա. «Բագին» հանրաճանաչ գրական մշակութային ամսագրի յղացումն ու հրատարակութիւնը:
Բ. Սասունիի ուսուցչական-դաստիարակչական նուիրական պաշտօնը, որ երկու տասնամեակներ սրտագին տարաւ Պէյրութի մէջ՝ նոր սերունդներ մկրտելով հայ լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայոց ազատագրական պատմութեան աւիւնով:
Գ. Սասունիի խոշոր վաստակը պատմասիրութիւններու, դիմանկարներու, ֆետայական կեանքի, ազգային դիւցազնավէպի գրառումներ, հայրենի կեանքէն եւ գիւղէն պատկերացումներուն, լեզուական եւ գրական պատմական ու գրադասական նիւթերու մանկավարժական հրատարակութիւններուն:
Ապա Կարօ Սասունիի աշակերտած Քրիստափոր Բագրատունի, իր կարգին խօսք առնելով՝ նախ ըսաւ, թէ Աշոտ Ներսիսեանի «Կարօ Սասունի» հատորին մասին խօսիլը առիթ կÿընծայէ անդրադառնալու անկրկնելի երկու սերունդներէն երկրորդին պատկանող, աներեւակայելիօրէն անանձնական եւ բազմերես կեանք մը ապրած Կարօ Սասունիի մասին:
Բագրատունի անդրադարձաւ Պոլսոյ մէջ Սասունիի երիտասարդական շրջանի զոհաբերող քայլերուն եւ ապա անոր վերադարձը Տարօն՝ Սիմոն Զաւարեանի թելադրանքով, անոր Մամիկոնեան տոհմէն սեռած ըլլալու «ծուռ» եւ «անառակ» կոչուելու մասին, Սասնայ լեռներուն մէջ բազմանդամ ընտանիքի անդամ ըլլալը, որսորդութեան ժամանակ ձիէն վար իյնալով ոտքերէն մէկուն կոտրիլը, Մուրատ Մխիթարեան վարժարան յաճախելը, 17 տարեկանին ուսուցիչ դառնալը, եւ այլն:
Անցնելով իր աշակերտական տարիներու անձնական եւ ականատեսի իր յուշերուն, Քրիստափոր Բագրատունի իր խօսքերը շարունակեց, ըսելով, թէ Կարօ Սասունին «պատկառազդու դէմքով, ապառաժներէն ժառանգած կաղութեան պատճառով իրմէ անբաժան գաւազանով եւ նոյնչափ ալ անբաժան ծխամորճով, աչքառու անձնաւորութիւն մըն էր: Ժայռի պէս մարդ մը, որուն խոժոռութիւնը սակայն խաբուսիկ էր ու ժպիտը յաճախակի»:
Անդրադառնալով Սասունիի ղեկավար մտաւորական էութեան՝ Բագրատունի պարզեց նաեւ, թէ Սասունի եղած էր կենսասէր մէկը, այլ խօսքով նման եղած էր այն մարդոց, որոնք բախտին շնորհած կեանքը կրցած են վայելել լիովին, իրբեւ մեծ եւ աստուծային պարգեւ:
«Իր ընտանեկան յարկէն թէ դասարանէն ներս, ազատութիւնն էր տիրապետողը, նոյնը եւ իր գրական ոճին ու հրապարակախօսութեան մէ»ջ, շարունակեց Բագրատունի:
Ապա յիշեց այս «ծուռ» հերոսին պատանեկան տարիներու սխրագործութիւնները, 1914-18 մարտնչումներու շրջանը, Հայաստանի հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ դառնալը, Փետրուարեան ապստամբութեան ազատամարտիկի տիպարը, արտասահմանեան կեանքի սկիզբին անոր կուսակցական գործիչի, ուսուցիչի, պատմիչի, յուշագրողի, գրագէտի, ղեկավարի, խմաբագիրի եւ պատմագիրի կեանքը, որոնց բոլորին մէջէն կը բացայատուի նուիրումի սրբազան կիրքը:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Կարօ Սասունիի որդին՝ Բաբգէն Սասունի, որ մեծապէս նպաստած է իր հօր կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած այս հատորին հրատարակման աշխատանքներուն, նամակներով յուշագրութիւններով եւ յատկապէս նկարներ տրամադրելով հեղինակ Ներսիսեանին: Որդի Սասունի մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ներկաներուն եւ յատկապէս «Համազգային»ի ընտանիքին այս առթիւ իր հօր ցուցաբերած յարգանքին եւ սիրոյն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ գիրքի վաճառք եւ հիւրասիրութիւն:
Անկասկած, որ հատորը ներկայացնողներուն նուիրումը խրախուսիչ էր թէ° «Համազգային»ի եւ թէ մշակութասէր մեր ժողովուրդին համար, իսկ «Համազգային»ի ընտանիքի նման ծրագրումներու իրականացումն ու օրինակելի ճիգը՝ մեծապէս գնահատելի:
(Քաղուած Ասպարէզէն)