
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը , Երեքշաբթի, 22 Ապրիլին, ժամը 11:30-ին, ոգեկոչեց 1915-ի հայոց ցեղասպանութիւնը:
Բացման խօսքը կատարեց Արամ Սոմունճեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Խաժակ Խաչատուրեան ջութակ նուագեց, իսկ Պերճ Թորոս եւ Հայկ Կրակեան կիթառ նուագեցին: Տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք հիւր դասախօս՝ Գանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան, մանրամասն կերպով խօսեցաւ Սեւրի դաշնագիրին, անոր նախորդող ուսումնասիրութիւններուն, այդ մասին գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթերուն եւ իրաւարարական վճիռին մասին, որ յաւիտեանս ի զօրու կը մնայ ու կը սպասէ պետական կառոյցներուն՝ զայն վերակենդանացնելու եւ միջազգային մակարդակի վրայ կրկին զայն առաջադրելով անոր գործադրութիւնը պահանջելու:
Լսարանական Միութեան ձեռնարկը փակուեցաւ ասմունքով (Նայիրի Ոսկերիչեան):
Նոյն օրը, ժամը 1:30-ին Նախակրթարանի աշակերտները ոգեկոչեցին ցեղասպանութիւնը: Յայտագիրը կ°ընդգրկէր երգ (Հայրենիքիս հետ), խմբական արտասանութիւն (Բերէ°ք ինձ զայն), պար (Մոմերու պար), ասմունք (Ես սիրում եմ) եւ երգ (Թող հնչէ շեփոր):
23 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Միջնակարգի աշակերտներուն ոգեկոչման հանդիսութիւնը: Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, Նժդեհ Մկրտիչեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն. հիւր դասախօսն էր Յովիկ Յովհաննէսեան:
Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Բալիկ Միքայէլեան դաշնամուրով նուագեց «Կախարդական Սրինգ», որմէ ետք Լոռի Թաշճեան, Մարլինա Քէշիշեան, Կասիա Պալեան եւ Արեւիկ Փափազեան հանդէս եկան խմբական ասմունքով՝ Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»ը, ապա Բալիկ Սեմերճեան Կիթառի նուագ մը ներկայացուց: Փաթիլ Պապիկեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Յիշեցէ°ք Զիս»ը, ապա Բալիկ Արոյեան դաշնամուրով նուագեց «Երեւան Էրեբունի»: Փաթիլ Գէորգեան ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին», որմէ ետք Երուանդ Պահարեան ներկայացուց ազգային երգերու շարանուագ մը զիլոֆոնով: Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Սեւակ Շիրինեան ասմունքեցին Սիամանթոյի «Մենախօսութիւն»ը, որմէ ետք Փաթիլ Մեսրոպեան դաշնամուրով նուագեց «Հայկական Պար»: Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն: