
Ուրբաթ 26 Ապրիլ 2019-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը՝ մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի ամսական հաւաքը:
Հաւաքին սկիզբը, Պատմութեան Ժամի պատասխանատու՝ Մեղրի Պագարեան հրաւիրեց փոքրիկները հայկական դրօշակը գունաւորելու: Դրօշակները կազմելէ ետք, բոլորը հպարտօրէն ծածանեցին կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը: Ապա իրենց տեղերը գրաւելով ունկնդրեցին «Վարագ կ՚այցելէ Հայաստան» պատմութիւնը: «Վարագ»-ի Ճամբորդութեան հետեւելով, փոքրիկները փոխադրուեցան Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան , Ծիծեռնակաբերդ եւ այլ պատմական վայրեր ու ծանօթացան հայ ժողովուրդի բարքերուն եւ աւանդութիւններուն: Յետոյ փոքրիկները արտայայտուեցան Ապրիլ 24-ի խորհուրդին մասին եւ մտիկ ըրին պատասխանատուին բացատրութիւնները:
Պատմութիւնը ունկնդրելէ ետք, բոլոր փոքրիկները Մեղրիին առաջնորդութեամբ փորձեր կատարեցին խմբային պատմութիւններ յօրինելու: Յաջորդաբար գաղափար մը կամ տող մը աւելցնելով, նախորդող փոքրիկին դէպքին կամ արտայայտած եղելութեան վրայ, անոնք հաճոյքով երեք պատմութիւններ մշակեցին, իւրաքանչիւրը իր նախասիրած անձնաւորութեան կամ վայրերուն ակնարկելով:
Հաւաքի աւարտին բոլորը հպարտութեամբ միասնաբար երգեցին «Մեր Հայրենիք» քայլերգը: