
Ուրբաթ 15 Մարտ 2019-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը՝ մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի աւանդական հաւաքը:
Յարութ Կիւլոյեան փոքրիկները իր շուրջ հաւաքելով իրենց պատմեց երեք թիթեռնիկներուն պատմութիւնը: Անձրեւէն թրջուած թիթեռնիկները ապաստան կը փնտռէին երբ երեք տարբեր գոյնի ծաղիկներ առաջարկեցին զիրենք պաշտպանել՝ պայմանաւ որ իւրաքանչիւր թիթեռնիկ առանձին իր համապատասխան գոյնի ծաղիկին թերթիկներուն տակ ապաստանի: Չուզելով իրարմէ բաժնուիլ, թիթեռնիկները մերժեցին ծաղիկներուն առաջարկը:Արեւը, թիթեռնիկներուն իրարու հանդէպ ունեցած սէրը եւ ընկերային զօրաւոր կապը տեսնելով, ամպերը հեռացուց եւ երեք բարեկամները շարունակեցին միասին բնութիւնը վայելել, երբ արեւի ուժեղ ճառագայթները իրենց թեւերը չորցուցած էին:
Պատմութեան աւարտին, փոքրիկները ներշնչուելով պատմողին տրամադրած թիթեռնիկներու օրինակներէն, գոյնզգոյն թուղթերու վրայ թիթեռնիկներ գծեցին եւ ներկեցին իրենց ճաշակին եւ երեւակայութեան տեղի տալով: Բոլորը հպարտ էին իրենց ստեղծագործութիւններով:
Մեր յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Ուրբաթ 26 Ապրիլ 2019-ին, «Մուշեղ Իշխան» գրադարանին մէջ, ժամը 6-էն 7-ը : Ձեր երեխաներն ու թոռները կրնան ընկերակցիլ մեզի եւ ճոխ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերել, հեռաձայնելով Մեղրիին՝ 514 826-1075, կամ գրելով հետեւեալ ե-հասցէին megho7@hotmail.com: