Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի` 29 Յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ս. Աստուածածին Կիրակնօրեայ դպրոցի ներքնասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ փոքրիկներու մտերմիկ հաւաք մը։
Վարչութիւնս գիւղիս մանկապարտէզի աշակերտներուն բաժնեց «Լալան ու Արան» վաճառանիշով հագնելիքներ, որոնք տրամադրուած են Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։ Ընթացքին փոքրիկները ծանօթացան Լալային ու Արային սիրած գոյներուն տեսերիզի մը միջոցաւ, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Ամենայն Հայոց բանաստեղծ` Յովհաննէս Թումանեանին։ Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին հիւրասիրութեամբ եւ նուէրներու բաշխումով։
Համազգայինը կրկին անգամ յաջողեցաւ փոքրիկներուն անմեղ դէմքերուն քաղցր ժպիտ մը գծել։