
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին կողմէ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ Լուիս Պլեքի «Փոքր հարուած մը» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ Հրայր Գալեմքէրեանի, որ «Արեգ»-ի բեմադրիչն է եւ «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավարը:
«Արեգ» թատերախումբը ունեցաւ երկու ելոյթներ` ցերեկային եւ գիշերային:
Ցերեկայինը յատուկ աշակերտական էր: Հայկական դպրոցներ բարձր կարգերու աշակերտներ մէկուկէս ժամ լուռ հետեւեցան ներկայացումին` ըմբոշխնելով այնքան ժամանակակից նիւթը, կատարեալ հարազատութեամբ փոխանցուած ոճը եւ 16-22 տարեկանի միջեւ տարուբերող պատանի-երիտասարդներու լաւ խաղարկութիւնը:
«Փոքր հարուած մը» կատակերգութեան ձգած տպաւորութիւնը մեծ եղաւ, որովհետեւ անոր հերոսները հանդիսատեսին ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին իրենց խաղարկութեան վրայ եւ զայն առաջնորդեցին լուռ մնալու, ժպտալու, խնդալու, լրջանալու, անակնկալի մատնուելու եւ մէկ խօսքով` հետեւելու իրենց:
Դերասանները իրենց խաղարկութեամբ հին ու նոր սերունդները իրարու միախառնեցին` ստեղծելով գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը: Անոնք իրենց խանդավառութեամբ կրցան ընդգծել հին ու նոր սերունդներուն տարբերութիւնը` կատարեալ սիրով եւ իրարու ամբողջացնելու կշռոյթով:
Տակաւի՛ն. թատերական ներկայացումին ուղղած պատգամը խոր էր եւ այժմէական. անիկա ուղղակիօրէն կապուած էր ներկայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կեանքին եւ անոնց տուած որոշումներուն: