
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի դաշնակահար փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի կողմէ զեկուցում-ներկայացում` «Արամ Խաչատուրեանը` հայ մշակոյթի համաշխարհային խորհրդանիշը» խորագիրով:
Աշոտ Ճենտերեճեան քանի մը խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեց:
Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան, որ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն է, հարց տուաւ, թէ քանի՛ հոգի ինքզինք իբրեւ հայ կը ծանօթացնէ Արամ Խաչատուրեանով:
Գրիգորեան աշխարհահռչակ հայ երաժիշտին կենսագրականը ներկայացուց տուն-թանգարանին ներկայացումին ընդմէջէն: 1976 թուականին հիմնուած է թանգարանը, որ նախապէս Արամ Խաչատուրեանին նուիրուած է Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ի դէպ, 1947-ին Արամ Խաչատուրեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Հայկանուշ Դանիէլեանին եւ Յովհաննէս Բաղրամեանին առանձնատուներ շնորհուած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ: