
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 12 Նոյեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930)» հատորի գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն` Ժագ Յակոբեան, որ, ողջունելով ներկաները, նշեց, թէ «Քորոնա» ժահրին տարածումով երկամեայ ակամայ դադարէ ետք, Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղը կը վերսկսի իր հրապարակային ձեռնարկներուն: Ան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի կենսագրական գիծերն ու պատմագրական իրագործումները:
Անկէ ետք խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ անդրադարձաւ փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի դոկտորականի ծաւալուն աշխատութեան եւ անոր կարեւորութեան: Ան հատորը որակեց իբրեւ անաչառ եւ առարկայական ներկայացում սփիւռքի հայ քաղաքական մտքի տարաբնոյթ գնահատականներուն, որոնք արդիւնք են Հայաստանի առաջին անկախութեան շրջանի գոյութենական մարտահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի մահուկենաց մաքառումներուն: