
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի Ուիլիըմ Սարոյեանի «Քարանձաւի բնակիչները» թատերական ներկայացման ելոյթը տեղի ունեցաւ 10,11 եւ 12 Յուլիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ՝ ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու:
Թատերգութիւնը աշխարհի իսկական պատկերին փոքրիկ խճանկարի մը ներկայացումն է, ուր թատրոնը քայքայուած է եւ դերասանները ունին ողբերգական վիճակ: Ներկայացման մէջ կարգ մը տիպարներ կþանդրադառնան ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Սարոյեանի կեանքին ու տագնապներուն, եւ անոր ապրած ժամանակաշրջանի միջավայրի ապրելակերպին:
«Գ. Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեան բեմադրութեան մէջ զետեղած է իւրայատուկ գունաւորում, երբ թեման իր լրջութիւնն ու բովանդակալից իմաստը պահելով հանդերձ ունի կատակերգական յատուկ ոճ մը, որ նոյնինքն առաւել հաճելի կը դարձնէ ներկայացումը:
Թատերախումբի դերասաններն են Վարդան Մկրտիչեան (թագաւոր), Մարալ Մխսեան (թագուհի), Ժանօ Պեքերեճեան (դուքս), Նաթալի Ատուրեան (աղջիկ), Ռոյ Աւագեան (հայրը), Լիզա Կիւլիւմեան (մայրը ), Հրայր Փափազեան (մունջ տղան) եւ Մանուէլ Մարգարեան (վերակացու): Նշենք, որ բեմի յարդարման ամբողջական աշխատանքը իրականացուցած է Ռազմիկ Պերթիզեան:
Այս առիթով հրատարակուած յատուկ գրքոյկին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ այս ներկայացումը թատրոնին ճամբով ու թատրոնին դժուարութիւնները ներկայացնելով իրողապէս կþանդրադառնայ ընկերութեան հարցերուն ու խնդիրներուն: Գրուած է նաեւ, թէ ընկերութեան մէջ այսպէս կոչուած նիւթականացած արժէքները օրըստօրէ կը տիրապետեն բարոյական ու ազգային արժէքներուն վրայ, եւ նիւթականացած այս արժէքներուն տիրապետութեան պատճառով բազմաթիւ ժառանգութիւններ նահանջ կþարձանագրեն: Խօսքի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակեցին ներկայացման յաջողութեան, եւ կը շեշտէ, թէ թատերական ներկայացման պատգամները այժմէական են:
«Քարանձաւի բնակիչները» թատերական ներկայացումները կը շարունակուին 17, 18 եւ 19 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: