
Համազգայինի Քուէյթի մեկուսի կազմի կազմակերպութեամբ, 3 Մայիս 2019-ին երեկոյեան ժամը 7։30-ին Քուէյթի «Քէյֆան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշուղական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Արք․ Զօպույեանի, Քուէյթի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ Սարմէն Պաղտասարեանի, հիւպատոս՝ Վարդգես Աւետիսեանի եւ աւելի քան 400 ներկաներու։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քուէյթի Համազգայինի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան, որ ողջունելով ներկաները, պատմական հակիրճ ակնարկ մը կատարեց ըսելով, որ «Աշուղական արուեստը Հայաստան թափանցած է արաբական աշխարհէն` 14-15-րդ դարերուն: 18-րդ դարուն Հայ մեծագոյն աշուղ՝ Սայաթ-Նովան կամուրջ հանդիսանալով միջնադարեան բանաստեղծութեան, ժողովրդական խաղերու եւ իր քնարերգութեան միջեւ, հիմքը դրաւ հայ աշուղական ԴԱՍԱԿԱՆ դպրոցին: Ապա 19-րդ դարուն՝ Գիւմրիի մէջ մեծն աշուղ Ջիւանիի շնորհիւ, հիմքը դրուեցաւ հայ աշուղական ԱԶԳԱՅԻՆ դպրոցին, որը խարսխուած էր ոչ միայն հայ գրական լեզուի՝ այլ ազգային երաժշտական լեզուամտածողութեան վրայ»։ Ան նշեց որ Ջիւանին եւ իր արժանի յաջորդներ գուսաններ՝ Շերամը, Հաւասին, Աշոտը, Շահէնը, հետագային շարունակեցին բիւրեղացնել հայ աշուղական արուեստը։
Անդրադառնալով ձեռնարկի կազմակերպման նպատակին, Պայաթեան նշեց․ «Գիտակցելով որ հայ աշուղական արուեստը հսկայական դեր ունեցած է մեր ժողովուրդի երաժշտական նկարագրի կերտման մէջ, շարունակելով Համազգայինի առաքելութիւնը եւ վառ պահելու համար մեր երիտասարդ սերունդներուն մէջ հայ աշուղական արուեստին նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը, Համազգայինի Քուէյթի մեկուսի կազմը որոշեց կազմակերպել աշուղական այս երեկոն»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին Համազգայինի Քուէյթի Կազմին, կազմակերպելու եւ իրականացնելու այս ձեռնարկը, որուն առաջին մասը յատկացուած էր Սայաթ-նովային, իսկ երկրորդ մասը ծաղկաքաղ մըն էր ամենասիրուած աշուղներու ստեղծագործութիւններէն։
Ապա Պայաթեան բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար, տաղանդաւաւոր ասմունքող Կիլտա Պէրպէրեան-Իճեանին ։
Կիլտա Պէրպէրեան - Իճեան յայտագրի գեղարուեստական բաժնի բացումը կատարեց Եղիշէ Չարենցի «Երազ տեսայ , Սայաթ-Նովեն մօտս էկաւ սազը ձեռին» բանաստեղծութեան իր գեղեցիկ մատուցմամբ, որմէ ետք բեմ բարձրացան հայրենիքէն ժամանած երաժիշտներ՝ Շանթ Դանիէլեանը, Սագիս Ադամեանը եւ աշուղական երեկոյի երգիչները ու միասնաբար կատարեցին Սայաթ նովայի գլուխ-գործոցներէն՝ «Քամանչա»ն։ Ապա Կիլտա Պէրպէրեան - Իճեանը ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Աշուղ Սայաթ-Նովի նման» տաղը, որմէ ետք զուգերգով հադէս եկան օրիորդներ՝ Պիայնա Պապլանեանը եւ Սէրէնա Կարապետեանը՝ իրենց նուրբ ձայնով կատարելով «Թէգուզ քու քաշըն մարգրիտ տան» եւ «Դու էն հուրին իս» սիրուած երգերը։ Սայաթ-Նովայի «Բլբուլի հիդ» երգը իր գեղեցիկ ձայնով կատարեց Վաչէ Թաշճեանը։ Ապա Քուէյթի «Շաքէ» պարախումբը ներկայացուց նազպար մը Սայաթ-Նովայի «Յիս քու ղիմէթըն չիմ գիդի» երգի հնչիւնների ներքոյ։
Այնուհետեւ Ատոմ Քեհեաեան իր հնչեղ ձայնով կատարեց Սայաթ-Նովայի ամենաբարդ ստեղծագործութիւններէն՝ «Աշխարումս ախ չիմ քաշի» երգը։ Ապա իր հիանալի ձայնով ելոյթ ունեցաւ Լուսի Քահքէճեան եւ մատուցելով Սայաթ-Նովայէն երկու մեներգ՝ «Թամամ աշխարհ պըտուտ էկայ» եւ «Փահրադըն միռած Շիրինն ասաց` ղարեն էրված իմ»։ Շաքէ պարախումբը ներկայացուց եւս մէկ գեղեցիկ պար՝ Սայաթ-Նովայի «Քանի Վուր ջան իս ինձ համար» երգի երաժշտութեամբ։
Յայտագրի երկրորդ բաժնով օրուան երգիչ-երգչուհիները ներկայացուցին գուսաններ՝ Շերամի, Բագրատի, Աշոտի, Սեդրակի եւ աշուղ Ջիւանիի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։ Լիլա Կարապետեանը փայլուն կերպով կատարեց Գուսան Շերամի ամենասիրուած ու բարդ տաղերէն՝ «Դու իմ մուսան ես»ը։
Ապա ելոյթ ունեցաւ սիրուած կատարող Գէորգ Թեմամեան եւ իր ինքնատիպ ոճով ներկայացուց Գուսան Բագրատի «Լուսին ես ամպի տակին» եւ Գուսան Շերամի «Մէջս կեանք չմնաց» ժողովրդական լայն ճանաչում ունեցող երգերը։
Հանդիսատեսներուն բարձր տրամադրութիւնը ապահովեց Լուսի Քահքէճեանի եւ Քեռի Սարգիսեանի կատարմամբ «Խանդոտ կինը» կատակ զուգերգը՝ եւ Գուսան Սեդրակի «Դու գնում ես բարով բարով գնաս» մեներգը, որ իւրովի ներկայացուց վաստակաշատ կատարող Քեռի Սարգիսեան։
Ապա հնչեց Գուսան Աշոտի «Զանգեզուրի բարի ծնունդ» երգը եւ «Շաքէ» պարախումբի կրտսերները ներկայացուցին նոր պար մը, որմէ ետք Գուսան Շերամի ամենասիրուած երգերէն «Սէր իմ սիրուն ես»ը իր նուրբ ոճով կատարեց երիտասարդ երգչուհիներէն՝ Սարինա Ատանալեանը։ Իսկ երիտասարդ ու տաղանդաւոր երգիչներէն Ռոստոմ Սարգիսեանը մեներգեց Գուսան Սեդրակի «Քո սեւ աչերով»ը։
Ապա «Շաքէ» պարախումբը կատարեց Գուսան Շերամի «Շորորա» երգի նուրբ հնչիւններուն համպատասխան գեղեցիկ նազպար մը, որմէ ետք Ռոստոմ Սարգիսեանի եւ Լիլա Կարապետեանի հաճելի կատարմամբ ներկաները վայելեցին Գուսան Աշոտի «Սարի սիրուն եար» զուգերգը։ Երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցաւ տաղանդաւոր կատարող Գէորգ Թեմամեանը, որ ներկայացուց գուսան Շերամէն շարան մը։ Յայտագրի աւարտին երգողները միասնաբար կատարեցին Աշուղ Ջիւանիի բարոյախրատական գլուխ-գործոցներէն՝ «Խելքի աշեցէք» երգը, որ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին։ Յայտագրի աւարտին օրուան հանդիսավար Կիլտա Պէրպէրեան-Իճեանը կարդաց Քուէյթի Համազգայինի շնորհակալական խօսքը՝ ուղղուած նուիրատուներուն, երգիչ-երգչուհիներուն, «Շաքէ» պարախումբին, Հայաստանէն յատուկ այս ձեռնարկի համար ժամանած հայրենի երաժիշտներուն, պարուսոյցներուն, քուլիսներու ետին աշխատած անհատներուն եւ Համազգայինի բոլոր յանձնախումբերուն ու ներկաներուն, որոնց հաւաքական ճիգին ու բարի կամքին արդիւնքն էր օրուան ձեռնարկը։ Ի վերջոյ Տիկին Կիլտան բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ սրբազան հայր Գերշ․ Տ․ Մասիս Արք․ Զօպույեանը փոխանցելու իր խօսքը։
Առաջնորդ սրբազանը նախ շնորհաւորեց Քուէյթի «Համազգային» ի մեկուսի կազմը իր կազմակերպած յաջող ձեռնարկին համար եւ ընդգծեց․ «Որեւէ ազգի կամ միութեան յաջողութեան եւ յարատեւութեան բանալին կը կայանայ երեք բանի մէջ․ հաւաքական կամքի, միասնական աշխատանքի ու համեստ պահուածքի մէջ»։ Ան դրուատանքի եւ գնահատանքի խօսքեր ըսաւ հայրենի երաժիշտներուն, պարուսոյցներուն, կատարողներուն եւ բոլոր միութենականներուն, որոնց նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններուն միջոցով իրականացաւ այս ձեռնարկը եւ «որոնց շնորհիւ այս օտար սրահի բեմէն հնչեցին հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը, պարն ու ասմունքը եւ օտար այս սրահը մի քանի ժամով հայացաւ»։
Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ վառ պահեն իրենց ու իրենց զաւակներու հոգիներուն մեր նախնիներէն մեզի հասած ազգային ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան նկատմամբ սէրը եւ յորդորեց, որ Քուէյթի Համազգայինի ընկեր-ընկերուհիները աւելի թափով շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Հանդէսի աւարտին կատարողներն ու միութենականները յիշատակի նկարներ ունեցան Առաջնորդ սրբազան հօր եւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ Սարմէն Պաղտասարեանի հետ։ Քուէյթեան մամուլը անմիջապէս անդրադարձաւ սոյն ձեռնարկին յօդուածներով եւ առցանց «լայվ» հաղորդումներով։
Սօսի Սիմիկեան-Պայաթեան