
Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնթուրայի Այցելութեան վանքի նորահռչակ Ֆիլոքալիա մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆիլոքալիա ծննդեան» փառատօնի համերգներէն հայկականը` վերնագրուած «Հայ ծննդեան գոյներ» («Armenian Christmas Colors»)` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Համերգին ներկայ էին` Լիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ժիպէյլի շրջաններէն կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի ընկերներ ու բարեկամներ:
Փառատօնը, որ կը վայելէ Ռայի պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը, սկսած է 30 Նոյեմբերէն եւ օրական դրութեամբ երեկոները Ս. Ծննդեան գեղարուեստական կատարումներ կ՛ունենայ յայտնի դասական երաժիշտներու մասնակցութեամբ: Զուգահեռաբար տօնական զարդերու եւ ուտեստներու վաճառք տեղի կ՛ունենայ: Աւանդութիւն դարձած է, որ 29 Դեկտեմբերին «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան համերգներու կատարումներ ունենայ: «Քորոնա» ժահրի դադարէն առաջ սոյն օրը Ս. Ծննդեան համերգով երգչախումբը կը թնդացնէր ողջ Ժիպէյլ քաղաքը: