
Արցախի մշակութային ժամանակակից կեանքը ծանօթացնելու եւ Արցախ-լիբանանահայ գաղութ մշակութային կապերը ամրապնդելու նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, գործակցաբար Արցախի Համազգայինի գրասենեակին հետ` կազմակերպած են Արցախեան մշակոյթի օրեր: Այս առիթով 12 Յունիսին «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած է գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, որուն պիտի մասնակցին արցախցի տաղանդաւոր 13 գեղանկարիչներ` Գայեանէ Շուշեցի, Հրանդ Մնացականեան, Զարինէ Պապայեան, Արտակ Պօղոսեան, Յովիկ Գասպարեան, Լիանա Քոչարեան, Սամուէլ Դաւաթեան, Արծիւ Լալայեան, Լենորտ Զաքարեան, Գէորգ Սարգսեան, Էռնա Մկրտչեան, Դաւիթ Աւակիմեան եւ Արմինէ Աւակիմեան: Այս առիթով, գեղանկարչական ցուցահանդէսին կողքին «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, որ հիմնուած է 2013-ին, պիտի ներկայացնէ ղարաբաղեան գորգերու իւրայատուկ նմուշներ: Յայտնենք նաեւ, որ 10 յունիսին Արցախի մշակութային ժամանակակից կեանքը ծանօթացնելու համար ժամանած պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ Այնճարի մէջ, իսկ 11 յունիսին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ժամանակակից գրականութեան ներկայացում: Ներկայացուեցան արցախցի գրողները եւ անոնց հրատարակութիւնները` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի կողմէ:
Արցախի պատուիրակութեան կատարած առաքելութեան առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ Արցախի Համազգայինի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ` մօտէն իմանալու անոնց գործունէութիւններուն եւ Պէյրութի մէջ ներկայացնելիք ծրագիրներուն մասին: