
Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2026-ին, բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի եութլինքսի 6-րդ Հաւաքին։
Թիւով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան կողմերէն (Գանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսաստան, Սպանիա, Իտալիա եւ Աւստրիա) համախմբուած են Աթէնքի մէջ եւ քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն պիտի ծանօթանան իրարու, պիտի լսեն հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցին աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր։ Հաւաքին ներկայ է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։ Կազմակերպական աշխատանքներուն կ՚օժանդակէ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը։
Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ քառօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին։
Ապա խօսք առաւ Հաւաքի յանձնախումբի անդամ Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի ծնունդը, զանազան ծրագիրներու՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։
Խումբը այցելեց Աթէնքի Աքրոփոլիս տեսարժան վայրը, ապա համով հոտով ճաշելէ ետք հայկական Միսաֆիր ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Աթէնք քաղաքի շրջագայութիւնը։ Առաջին աշխատանոցը հայկական պարն էր, որ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» ակումբին մէջ, ղեկավարութեամբ պարուսոյց` Անահիտ Սարիբէկեանի։
Ընթրիքէն ետք փակուեցաւ օրուան յայտագիրը։
Հետեւելով մեր ընկերային ցանցերուն կրնաք տեղեկանալ օրը օրին մեր յայտագիրներուն մասին։
