Նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի արուեստագէտ ուսուցիչներուն, Ուրբաթ, 10 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի համերգ:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ վաստակ ունեցող ուսուցիչները, իբրեւ վաւերական արուեստագէտներ, նշեալ ելոյթով իրենց տաղանդը պիտի արտայայտեն հմայիչ երաժշտական կատարումներով` յիշեցնելով ա՛յն ստեղծագործական ոգին եւ նուիրուածութիւնը, որոնցմով անոնք ամէն օր կ՛առաջնորդուին իրենց գործին մէջ: Կարապետեան մեծապէս գնահատեց դերը գեղարուեստի դպրոցներու ուսուցիչներուն, որոնք մասնագիտական հմտութիւններ սորվեցնելու կողքին կը փոխանցեն ազգին ծառայելու գիտակցութիւն եւ անխոնջ սէր: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները յանձնառու կը մնան հայոց լեզուի ու մշակոյթի ժառանգութիւնը պահպանելու առաքելութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ) եւ Վերոնա Ռուսիալեան (դաշնամուր), որոնք նուագեցին Ֆրիթզ Քրէյսլըրի «Viennese Miniature March» ստեղծագործութիւնը: Ապա Ճէնտէրէճեան եւ Սարգիս Աւագեան (ջութ) նուագեցին Ֆրանզ Անթոն Հոֆմէթի Duetto op.19 «Ատաճիօ, Ալէկրօ»-ն: