
Ուրբաթ՝ 19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ այցելութիւն տուաւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին:
Վարչութիւնը Ծաղիկ դասարանէն մինչեւ Վեցերորդ դասարաններու աշակերտութեան բաժնեց հայերէն պատմութեան գիրքեր,ոոնք տրամադրուած էին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ, իսկ մանկապարտէզի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու փոքրիկներուն՝ գունաւորելու տետրակներ եւ մատիտներ տրամադրուած Նիւ Ճըրսիէն խումբ մը ընկերներու կողմէ:
Այս խորհրդանշական քայլով միութիւնը կարեւորեց գիրքի եւ ընթերցանութեան դերը անհատի զարգացման եւ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանման համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին։
