
Շաբաթ, 10 Յունուար 2026-ին, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ճեմարանի ներկայացուցիչ եւ խնամակալութեան ատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Այնթապլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցութեամբ շնորհակալական այցելութիւն մը տուին «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէի։
Նշենք, որ Լէյլա Սոլհ Համատէ Մայիս 2025-ին իր Ճեմարան կատարած այցելութեան ընթացքին ստանձնած էր տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու 12 դասարաններու նորոգութիւնը։
