Եւրոպա
Կեդրոնական Վարչութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան անդամները Ֆրանսայի մէջ այցելեցին Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան եւ Մարսէյի Ճեմարան, ուր հանդիպումներ ունեցան տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան հետ։
Զաքար Քէշիշեան այցելելով դասարանները, աշակերտութեան խօսեցաւ Համազգայինի կառոյցին մասին։ Ան նաեւ խօսեցաւ հայ երաժշտական մշակոյթի կարեւորութեան մասին եւ բացատրութիւններ տուաւ շուիի եւ տուտուկի մասին: Յասմիկ Շահինեան՝ մանկական գրականութեան իբրեւ մասնագէտ, աշակերտներուն հետ զրուցեց գիրքի մը պատրաստութեան հանգրուաններուն մասին՝ գրութենէն մինչեւ հրատարակութիւն։