Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան, Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի աշակերտները եւ «Կարկաչ» երգչախումբը, Ամանորի առիթով այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի սաներէն` Ներսէս Սարկաւագ Պաճաքեանը, որ ներկայացուց Համազգայինը Դպրեվանքի ուսանողներուն: Ապա Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու Կրթական Տնօրէնուհի՝ Կամիլա Երկանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի Տեսչութեան ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց օրուան մասնակից աշակերտներուն յայտագիրը: Տիկին Երկանեան, խնամակալութեան ներկայացուցիչներու եւ վարչական պատասխանատուի ներկայութեամբ՝ Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի յանձնեց յուշանուէր մը:
Ապա սկիզբ առաւ տպաւորիչ յայտագիրը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերով ու նուագով:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեանը, որ փոխանցելով իր սրտի խօսքը գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը կարեւորելով անոր դերակատարութիւնը ազգային կեանքէն ներս:
Իր Խօսքի աւարտին յուշանուէր մը ան յանձնեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն:
Համազգայինի պատուիրակութենէն խումբ մը ընթրիքի հիւրը դարձաւ դպրեվանքի տեսչութեան: