
Սփիւռքի մէջ մարդուժի պատրաստութեան նպատակով Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ պարուսոյցներու պատրաստութեան դասընթացը կը շարունակուի:
Այս դասընթացի ծրագրին ծիրէն ներս, Քուէյթի եւ Սուրիոյ համազգայինի պարուսոյցները այցելութիւն տուին պարի պետական անսամպլին եւ հետեւեցան անոր մասնագիտական մարզումներուն։
Նկատի ունենալով դասընթացներուն ստեղծած խանդավառութիւնը, մասնակիցներուն գոհունակութիւնը եւ ծրագիրին օգտաշատութիւնը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով դասընթացը երկարաձգուեցաւ շաբաթ մը եւս՝ մինչեւ 22 Օգոստոս, 2025:
