Կեդրոնական Վարչութիւն

Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները հոգեւոր տիրոջ ներկայացուցին Համազգայինի աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ քննարկեցին հայ կեանքը յուզող հարցեր:
Կաթողիկոս-պատրիարքը բարձր գնահատեց համազգայինի կրթական եւ մշակութային առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Կեդրոնական Վարչութեան: