Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոյ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, համայնքներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, գործընկերներու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Հաւաքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան, որ նշեց, թէ Անդրանիկ Մսըրլեան մօտէն հետեւած է իր ստանձնած աշխատանքներուն, եղած է արդարամիտ, մերժած է միջամտութիւնները եւ աշխատած է լուռ ու մունջ` առանց բարձրաձայնելու իր նուաճումները, առանց երեւնալու եւ առանց ցուցամոլութեան: Գոչունեան-Թաշճեան հաստատեց, որ Ա. Մսըրլեան հայ մշակոյթի սիրահար էր, միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած էր միութեան ծրագիրներուն եւ իր մշտական ներկայութեամբ ու գործակցութեամբ սատար կանգնած` բազմատեսակ աշխատանքներու յաջողութեան: