Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց զրոյց մը «Անձի Զարգացում» վերնագիրով։ Օրուան զրուցավարներն էին Յասմիկ Պօզոյեան, Նայիրի Խաչատուրեան եւ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան։ Զրոյցին մասնակցեցան նաեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտները։ Մթնոլորտը եւ յատկապէս Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանին կատարած մէջբերումը աւելիով հարստացուց զրոյցին նիւթը։ Զրուցավարները մէկ առ մէկ պարզեցին իրենց միտքը, ըսելով, որ պահեցողութիւնը օգտակար է առողջապահական տեսակէտով եւ առողջութիւնը գաղտնի հարստութիւն է, մանկութենէն պէտք է սնուցանենք մեր հոգին եւ միշտ զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Անոնք հաստատեցին, որ երեխան հայելին է ծնողքին եւ ան պէտք է ինքնուրոյն անձնաւորութիւն ունենայ։
Աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետ Շուշան Արթինը եզրափակեց զրոյցը, ըսելով, որ երեխան գանձ է։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զրուզավարներուն իրենց շինիչ միտքերուն համար, զորս բաժնեցին ներկաներուն հետ միասին։ Ապա, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։