Թորոնթոյի գարնանային առաջին արեւաշող օրուան վերջալոյսին հետ սկսած էր Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին կազմակերպած «ԱՆՄՈՌԱՑ ԵՐԳԵՐ» խորագիրը կրող երաժշտական երեկոն։
Ո՞վ կրնար գուշակել, որ Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս հայաբոյր արշալոյս մը աւետող Համազգայինի նուագախումբի եւ երիտասարդ երգիչներու բազմերանգ կատարումները՝ իրենց իւրայատկութեամբ եւ մասնագիտական բարձր ճաշակով, երեք ժամուան տեւողութեամբ սրահին մէջ գտնուող թորոնթոհայերուն թեւեր պիտի պարգեւէին՝ թռիչք կատարելու դէպի Հայաստան, հայկական մշակոյթով բերկրալի պահեր ապրելու եւ մեր հիասքանչ հայրենիքին պայծառ գարունը վայելելու։
Օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեան բարի գալուստ մաղթեց հանդիսատեսներուն, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ համխմբուած էին մոմերով ու ծաղիկներով զարդարուած, համեղ ուտեստներով ու քաղցրեղէններով լի սեղաններուն շուրջ։ Հանադիսավարը, անյիշելի դարերէ ի վեր ճամբայ ելած եւ մեզի հասած, հայ երաժշտութեան պարտադիր գոյութեան կարեւորութիւնը շեշտեց հայ անհատի կեանքին բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին։ Դարերու մաքառումներէն յաղթական դուրս եկած հայ երգով է, որ հայ մայրը իր մայրական զգացումը փոխանցած է զաւակներուն, հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները երգած են իրենց վառ սէրը, հայ մարտիկը շեփորած է ազգին յաղթանակը եւ հայ պատանին անով սնած ու հասակ առած է։
Հանդիսավարին արտասանած Գէորգ Էմինի՝ «Ի՜նչ էլ լինի, եկէ՛ք այսօր զուարճանանք:
Տ՝է, ձեզ տեսնեմ զուարճացէ՛ք։
Թող սեղանը բացեն կանայք,
Դուք էլ գինու տիկը բացէք…»,
տողերուն հետ ԱՆՄՈՌԱՑ ԵՐԳԵՐու շողերը սկսան արձակուիլ, ձիւնին մէջէն ծնած գարնան աւետաբեր ձնծաղիկը զարթնեց ներկաներուն հոգիներուն մէջ ու երաժիշտներ՝ Վրէժ Ղազարեան, Յովիկ Կարապետեան, Ռաֆֆի Շանոյեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Համօ Արզումանեանին մատուցած՝ «Երեւան» երգի երաժշտութեան ու պաստառին վրայ ցուցադրուած Հայաստանի տեսարժան վայրերուն պատկերները վայելող ներկաներուն հայրենիք երթալու սլացքը սկսաւ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: