
Համազգայինի Կիպրոսի պարախումբերու տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Մայիս 2026-ին, Նիկոսիայի Քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Նիկոսիայի տեղական կառավարման նահանգային կազմակերպութեան նախագահ Կոնստանդինոս Եորկաճիսի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։
Նիկոսիայի «Սիփան», Լիմասոլի «Կիլիկիա», Պաֆոսի «Անի» ու «Նանօր» մանկա-պատանեկան խումբերէն զատ այս տարի յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած մեծահամբաւ երգիչ Վարդան Պատալեանը, ընկերակցութեամբ ազգային նուագարաններով կազմուած նուագախումբի մը։
Համազգայինի ու Պարոն Կոնստանդինոս Եորկաճիսի ողջոյնի խօսքերէն ետք, պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ ծայր առաւ յայտագրի գործադրութիւնը, առաջին իսկ վայրկեանէն խլելով ներկայ հոծ բազմութեան խանդավառ ծափահարութիւնը։ Սրահին մէջ տիրող հիասքանչ մթնոլորտն ու խելայեղ ծափահարութիւնները շարունակուեցան մինչեւ լրումը երկու ժամ տեւած յայտագրին, որ փակուեցաւ Սղերդի Քոչարիով, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ինքը՝ հայկական պարարուեստի վարպետ Գրիգոր Քէլէշեանը։
Այս հաղորդագրութիւնը կը փակենք մեր պատուոյ հիւրին՝ Կոստանդինոս Եորկաճիսի, նոյն գիշերն իսկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր հետեւեալ գրառումով․
«Հայերուն պատմութիւնը փորձութեան, սակայն միեւնոյն ատեն՝ վերապրումի պատմութիւն մըն է։ Պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ արմատախիլ եղաւ ու ապրեցաւ բռնութիւնն ու ցեղասպանութիւնը, սակայն մերժեց յանձնուիլ։ Չձգեց որ իր մշակոյթը մահանայ։
«Այս ձեռնարկը պարզապէս պարային բեմադրութիւն մը չէր։ Անոր մէջ մենք տեսանք հաւաքական յիշողութեան ոյժը։ Տեսանք երիտասարդներ, որոնք կը շարունակեն դարերու եւ սերունդներու աւանդութիւնը եւ իրարու կը միանան երաժշտութեան, պարի ու մշակոյթի մթնոլորտին մէջ։
«Շնորհաւորութիւններ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, կազմակերպիչներուն, պարուսոյցներուն, երաժիշտներուն, ծնողներուն ու բոլոր անոնց, որոնք անդուլ ու անսասան կ՛աշխատին, այս հոյակապ մշակութային աշխատանքը կանգուն պահելու համար»:
