
«Ազդակ» օրաթերթ.- Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ին այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ:
Հանդիպումը սկսաւ տպարան այցելութեամբ, ուր Յ. Հաւաթեան ներկայացուց տպարանի պատմութեան անցած տարբեր փուլերը:
Յ. Հաւաթեան նշեց, որ Համազգայինի տպարանը ամբողջ սփիւռքի կարիքները կը գոհացնէ, սակայն կացութիւնը հետզհետէ կը դժուարանայ:
Ան անդրադարձաւ տարբեր կառոյցներուն. ա) տպարան, բ) գրատարած, գ) գրախանութ, դ) «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ:
Ան նաեւ ներկայացուց հրատարակչատան դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները եւ անոնց ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:
Յ. Հաւաթեան յայտնեց, որ տպարանը ընդմիշտ կը քաջալերէ նոր սերունդը գիրքեր պատրաստելու եւ կը ստանձնէ լաւագոյններուն հրատարակութիւնը:
Ապա մասնակիցները բարձրացան հրատարակչատուն, ուր տեսան տպագրական առաջին գործիքը, զոր Նիկոլ Աղբալեան առաջին աշխատցնողը եղած է:
Յ. Հաւաթեան «ապագայ լրագրողներ»-ուն ցոյց տուաւ տպարանին լոյս ընծայած տարբեր հրատարակութիւնները:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացումին եւ ուղղեցին հարցումներ: