«Ասպարէզ».- Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, որ հանդիպման ընթացքին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները՝ սրբազան հօր առաջնորդ ընտրուելուն առիթով:
Դոկտ. Պապիկեան Գեղամ արքեպիսկոպոսին փոխանցեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ջերմ շնորհաւորանքները եւ ողջոյնները ու միութեան գործունէութիւնը արդիւնաւորող մանրամասնութիւններ, յատկապէս վեր առնելով Ազգային առաջնորդարանին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական վարժարաններուն միջեւ մշակութային սերտ գործակցութեան ճամբով՝ հայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան խթանումը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ ընձեռուած առիթին համար:
Առաջնորդը գնահատեց Համազգայինի առաքելութիւնը Հայաստանի եւ աշխարհի հայութեան կեանքին մէջ, ընդգծեց անոր փայփայած հայապահպանութեան նպաստող կրթական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը նաեւ Սփիւռքի համայնքներու մէջ, ապա գործակցութեան նոր հորիզոններ մաղթեց Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Ազգային վարժարաններու եւ Համազգայինի հետագայ միացեալ ծրագիրներուն, որմէ ետք իր հայրական օրհնութիւնները շնորհեց միութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն՝ առ ի յաջողութիւն անոնց հայանպաստ աշխատանքներուն: