
Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը առցանց ժողով մը գումարեց միութեանս շրջանային եւ մեկուսի բոլոր կազմերու ներկայացուցիչներուն հետ, ի տես Արցախի մէջ տիրող եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ 16-17 Սեպտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստին որոշումները, գործունէութեան կիզակէտ դարձնելով Արցախի մշակութային կոթողներու պահպանութեան հարցն ու Արցախի ժողովուրդին նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը, այս գծով շեշտուեցաւ Համազգայինի հրատարակած արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ.- անաւարտ պատերազմ» լուսանկարներու պատկերագիրքի առաւելագոյն տարածման ու հանրայնացման անհրաժեշտութիւնը։
Շրջանները Կեդրոնական Վարչութեան հետ համախորհուրդ եւ հաւատարիմ` միութեան կրթական եւ մշակութային առաքելութեան, արդէն իսկ յատուկ քայլերու ձեռնարկած են Արցախի մանուկներուն կենցաղային, հոգեմտաւոր, կրթական ու մշակութային առաջնահերթ կարիքները հոգալու համար։