Եւրոպա

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի եւ Արմէն Գարօ խումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ մը, Փարիզի հայ մշակոյթի տան մէջ։
Կոկիկ հանրութեան մը ներկայութեամբ, Պէյրութէն ժամանած Անի Սարաֆեան-Եփրէմեան իր զգայուն եւ ուժեղ ոճով ասմունքեց Թէքէեան,Վարուժան, էմին, Շիրազ, Պ.Սեւակ, Կապուտիկեան... Իրեն կ՝ընկերակցէր Սոնա Գրիգորեան դաշնակի վրայ։
Գրական այս երկերը յուզում եւ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։
Երեկոն շարունակուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ մինչեւ ուշ գիշեր։