Կրթական հաստատութիւններ
Ուրբաթ, 30 Օգոստոս 2024-ին, Գօլստըն Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ ասմունքի մրցոյթ, որուն մասնակցեցան 2-5-րդ կարգերէն 42 աշակերտներ: Մրցոյթի առաջին հանգրուանին մասնակցող աշակերտները ելոյթ ունեցան երկու բանաստեղծական կտորներու ասմունքով: Սոյն ձեռնարկին նպատակն էր հայ աշակերտին մէջ հայրենի բանաստեղծներու աւանդին նկատմամբ սէր ու գիտակցութիւն սերմանել՝ անկախ յաղթանակի հեռանկարէն:
Առ ի քաջալերանք մասնակցող աշակերտներուն եռանդուն եւ նպատակամղուած ջանքին, 3 Սեպտեմբերին, նախակրթարանի առաւօտեան հաւաքի ընթացքին, Ճեմարանը պարգեւատրեց զանոնք յատուկ գնահատագրերով եւ խորհրդանշական նուէրներով:
Ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն վարձքը կատա՛ր: