Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ատիեաթ» միութեան 100- ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան, որուն ներկայ գտնուեցան հոգեշնորհ հայր Արմէն Աբղ. Գալաճեանը եւ Ազգ. վարչութեան անդամ` Տիար Արմէն Գասպարեանը։
Բացման խօսքէն ետք, Աննա Ապէճեան ներկաներուն փոխանցեց հայկական տոհմիկ տարազներուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ ետք «Սարդարապատ» պարախումբէն պարմանուհիներ հանդէս եկան հայկական ազգագրական տարազներով։ Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց նազպար կատարողութեամբ` Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի, ապա երաժշտական խումբի ղեկավար տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեան (երգեհոն) եւ Արազ Շառոյեան (քանոն) ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ մեղեդիներ։
Այո ձեռնարկը առիթ ընծայեց հայ մշակոյթը ծանօթացնելու ներկաներուն, որոնք բարձր ծափողջոյններով գնահատեցին մասնաճիւղիս ելոյթը։