
Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» նոր դարմանատան պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ բարերարներ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն, Ճեմարանի անձնակազմին, Ծնողական խորհուրդին եւ Շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան անդամներու:
Դարմանատան եւ առողջապահական ընդհանուր գործունէութեան մասին խօսեցաւ հիւանդապահուհի Թալին Ստեփանը, ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան: Ան անդրադարձաւ դպրոցական դարմանատան կարեւորութեան, մասնագէտ հիւանդապահուհիի մնայուն ներկայութեան անհրաժեշտութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան բարերարներուն: Սելլա Թնճուկեան իր գնահատական խօսքը ուղղեց ներկաներուն կատարուած աշխատանքին համար: Ան ըսաւ, որ շատ հարազատ կը զգայ ինքնիր տան մէջ, եւ Ճեմարանը միշտ իր սրտին մէջն է. ան յայտնեց իր անսահման ուրախութիւնը այս առթիւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն ներկայացուցիչներ տեսնելու եւ անոնց հետ ծանօթանալուն համար:
Սելլա Թնճուկեան շեշտը դրաւ աշխարհասփիւռ ճեմարանականներուն ընդհանուր առաքելութեան վրայ` նշելով, որ անոնք զանազան գաղութներու մէջ ստանձնած են պատասխանատու դիրքեր եւ յանձնառու պաշտօններ: Ան նաեւ բարձր գնահատեց Ճեմարանի բոլոր շրջանաւարտները, բարեկամներն ու բարերարները, որոնք կրթական, շինարարական կամ բարեզարդման ծրագիրներով նեցուկ կը կանգնին կրթօճախին եւ այսպիսով քաջալեր կը հանդիսանան բոլոր անոնց, որոնք նորանոր նախաձեռնութիւններ հովանաւորելով` Ճեմարանի ջահը միշտ բարձր կը պահեն: Ապա կատարուեցաւ դարմանատան բացման ժապաւէնի հատումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: