«Բաց դասարան» հասկացողութիւնը միջոց է ծնողներուն կամ հանրութեան ներկայացնելու որեւէ կրթական-ուսումնական աշխատանքին հոլովոյթը եւ պատրաստութեան եղանակը: Այս մեկնակէտով, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի «բաց դասարան»-ը` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներուն:
Առաջին հերթին, փոքր արեգականներու խումբի աշակերտները ներկայացուցին «անհեթեթ» մենախօսութիւններ, որոնց ճամբով իւրաքանչիւր աշակերտ բեմին վրայ ցուցադրեց իր առաջին փորձերը: Ապա մեծ արեգականներու խումբի աշակերտները ներկայացուցին քաղաքական երգիծանք` «Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի նիստ»-ը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց իր նախարարութեան ծրագիրները: «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն է Սիլվա Սողոմոնեանը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: