
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 202-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» վերնագիրը կրող հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, համազգայնականներու, արուեստագէտներու եւ գրասէր հասարակութեան։ Ձեռնարկի հանդիսավարներն էին Լիլիթ Տէմիրճեան եւ Կարի Քանըր Հարպոյեան։
Երեկոն սկսաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի Միսաք Մեծարենցի «Սիրերգ»-ի եւ Լեւոն Շանթի «Անուշ» երգերու կատարումով։ Երգչախումբին դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր Քէվըն Եուսէֆ։ Գեղարուեստական ղեկավար՝ մայսթրօ Գրիգոր Ալլոզեան։
Ապա ելոյթ ունեցաւ հայրենի դերասան Արման Նաւասարդեան, որ ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» ստեղծագործութիւնը, Մատթէոս Զարիֆեանի «Երկու աւերակները»-ը, Միսաք Մեծարենցի «Հիւղը», Պետրոս Դուրեանի «Լճակ»-ը, Զարեհ Խրախունիի «Լեռը», Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» եւ Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ»-ը։
Հանդիսութեան բանախօսն էր դոկտ․ Արմէն Իւրնէշլեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց մարդկութեան քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ դարերու ընթացքին գեղեցիկ խօսքի զարգացումը ու ազդեցութիւնը մարդկային մտքին ու հոգիին վրայ։ Իւրնէշլեան ըսաւ, որ հայ գիրերու գիւտով, հայոց ազգային քաղաքակրթութիւնը թեւակոխեց իր կարեւորագոյն անկիւնադարձը, եւ «նոյնինքն եռամեծար գիւտարարն ու անոր աջակից կաթողիկոսը յօրինեցին առաջին շարականները, որոնք ըստ էութեան բանաստեղծութիւններ են»։ Ան աւելցուց, որ բանաստեղծութիւնը ընդարձակ, արժանի ու մնայուն տեղ ունեցաւ մեր կեանքին մէջ, դառնալով շատերուս ուրախութեան ու թախիծին, հպարտութեան ու ցաւին ընկերը, մեր յոյզերուն թարգմանը ու մեր խոհերուն արտայայտիչը։
Պատգամախօսը հաստատեց, որ կարելի չէ բանաստեղծութիւնը հանել կեանքէն, որովհետեւ «կեանքը ինքը բանաստեղծութիւն է, մերթ հանդարտ, մերթ փոթորկուն, երբեմն հրճուալի, երբեմն նաեւ տառապալից»։ Արմէն Իւրնէշլեան յայտնեց, որ հազար եւ աւելի դարերու ընթացքին՝ նախամարդու առաջին հնչիւնէն մինչեւ այս երեկոյ, բերանացի ու գրաւոր խօսքը զարգացաւ նիւթով, ոճով ու մատուցումով, ձեռք ձգեց գեղեցիկ որակ, ու արդէն անով ստեղծուած քերթողութեան մէկ բուրումնաւէտ, անթառամ ու գեղեցիկ փունջը՝ արեւմտահայերէն քերթողութիւնը ըմբոշխնեցինք եւ պիտի շարունակենք վայելել։
Ապա ներկաները դիտեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած Մուշեղ Իշխանի «Հայու հոգին» երգին տեսերիզը։ Երգին իրենց մասնակցութիւնը բերած են աշխարհի բոլոր անկիւններէն երաժիշտներ եւ երգիչներ։ Երաժշտութիւնը կը պատկանի Արմէնուհի Կարապետեանին։
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Շողիկ Թորոսեանի եւ Կարէն Գազանճեանի Միսաք Մեծարենցի «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի» երգեցողութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քեվըն Եուսէֆի։
Աւարտին անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ Արման Նաւասարդեան, որ բարձրորակ կատարումով ասմունքեց Զահրատի «Չար բաներ»-ը, Խաչիկ Տէտէեանի «Տարիները մեր»-ը, Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-էն հատուած մը, Մուշեղ Իշխանի «Ես Մասիսը չտեսայ» գործը, Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր»-ը, Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս»-ը եւ Վահէ Օշականի «Տարեդարձը»։
Այս առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին անունով Նայիրի Ադամեան յուշանուէր մը յանձնեց հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանին։
Ձեռնարկէն ետք, ներկաները ստացան Համազգայինի նախաձեռնութեամբ 2024-ին Հայաստանի մէջ լոյս տեսած Զահրատի «100 բանաստեղծութիւն» հատորէն օրինակներ, որոնք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ճամբով վերահրատարակուած են Լիբանանի մէջ։ Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Լագիսեան ընտանիքին եւ նուիրուած գաղութի մշակութային կեանքին մէջ իր մեծ ներդրումը բերած տաղանդաւոր ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին։