
Անցնող 60 տարիներու ընթացքին հայ գիրի եւ գրականութեան պահապան հանդիսացող եւ սերունդներ պատրաստող «Բագին»-ն ու պարբերականի նուիրեալ աշխատակիցները արժանի են գնահատանքի, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներ տոգորուին միեւնոյն ոգիով եւ շարունակեն մայրենին անաղարտ պահելու ճիգերը:
Առ այդ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի 60-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ պատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Վանիկ Տագեսեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ անդամներու, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Վրէժ Սապունճեանի, միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ գրասէր հասարակութեան:
Հաւաքին բարի գալուստի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Նայիրի Ադամեան, որ նշեց, թէ «Բագին»-ը 60 տարի շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման, հետապնդեց բանագողութիւնը եւ դէմ կեցաւ խորհրդային ապազգային գրաքննութեան: