![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Ուսումնական տարեշրջան մը եւս բոլորեց ՀԱՍԳ Ճեմարանը: 2007 ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի պաշտօնական հանդիսութիւնները, աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման արարողութիւնները յաջողութեամբ պսակեցին տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին տարած տարուան մը հսկայ ու անխոնջ աշխատանքները:
6-րդ կարգի աշակերտութեան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ՀԱՍԳ Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան իր ներկայութիւնը բերած էր Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեանը, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով ծնողներ:
Յայտագիրը վարեցին Ճեմարանի նորընտիր պետեր Նաթալի Աղաջանեանը եւ Սասուն Սիմոնեանը:
«Բարեկենդան» թատերական ներկայացումով հանդէս եկան վեցերորդ կարգի աշակերտները, որոնք երգիծական ոճով լաւապէս ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մին:
Հերթաբար տեղի ունեցաւ 7-8-9րդ կարգերու աշակերտներու կրթական եւ մարզական ծիրերուն մէջ բարձր արդիւնքներ արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրումը: Պարգեւատրման ընդմիջումին 6-րդ կարգի աշակերտները ելոյթ ունեցան հայերէն արտասանութիւններով եւ երգերով: Դաշնամուրի նուագներով ելոյթ ունեցան 7-րդ կարգէն Շուշան Սարեանը եւ 9-րդ կարգէն Անահիտ Սարեանը:
Այս տարի ՀԱՍԳ ճեմարանի 6-րդ կարգէն շրջանաւարտ եղան 25 աշակերտներ: 2007 տարեշրջանի 6-րդ կարգի յատուկ DUX գնահատագրին արժանացաւ աշակերտուհի Նիքօլ Մինասեան: Նիքօլը իր աշխատասիրութեամբ, ջանասիրութեամբ եւ գնահատելի վարք ու բարքով արժանացաւ սոյն գնահատագրին:
Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան հանդիսութեան աւարտին փոխանցեց իր պատգամը, ան բարձր դրուատեց ուսուցիչներու եւ տեսչութեան տարուան մը անխոնջ աշխատանքը, գնահատեց հանդիսութեան ընթացքին հայաբոյր ելոյթները աշակերտներու հայերէն երգերու եւ արտասանութիւններու ընդմէջէն: Հայր Սուրբը սոյն երեկոյին նաեւ յայտարարեց, որ Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը փափաքի եկեղեցւոյ կողմէ տրուած յատուկ գնահատագրով մը պատուել Ճեմարանէն ներս հայերէն լեզուի մէջ յառաջադէմ աշակերտները եւ այդ անակնկալ յայտարարութիւն մը ըլլալով, պարգեւատրումը պիտի կատարուէր յաջորդ օր, 12-րդ կարգի աւարտական վկայականներու բաշխման երեկոյին: Հայր Սուրբի յայտարարութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Ճեմարանի ծնողներու եւ աշակերտներուն մօտ, որոնք բուռն ծափահարութիւններով ընդունեցին եկեղեցւոյ կողմէ յղացուած այս հրաշալի գաղափարը: Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ:
12-րդ կարգի աւարտական վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 6 Դեկտեմբեր 2007-ին ՀԱՍԳ Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էր Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան, ինչպէս նաեւ ներկայ էին ՀՅԴ «Դրօ» Առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչները, Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, ՀԱՍԳ Ճեմարանի խնամակալ կազմի ներկայացուցիչներ, Տիկ. Պրօնուին Պիշըփ, քաղաքական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, քոյր միութիւններու եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտ աշակերտներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Հանդիսութեան բեմավարներն էին աւագ աշակերտներ Նաթալի Աղաջանեան եւ Սասուն Սիմոնեան: Տնօրէնութեան եւ ճեմարանի խնամակալութեան խօսքերու արտասանութենէն ետք յաջորդաբար տեղի ունեցան 10,11 եւ 12-րդ կարգերու աշակերտութեան պարգեւատրումները կրթական, մարզական եւ ուսումնական մարզերու մէջ:
Պաշտօնական այս հանդիսութեան հիւր բանախօսներն էին շրջանաւարտ աշակերտներ Օր. Թամար Պօղոսեան եւ Տոքթ, Զորիկ Աւագեան, որոնք տպաւորիչ կերպով փոխանցեցին իրենց պատգամները եւ շեշտեցին ՀԱՍԳ ճեմարանի կատարած դերը իրենց հետեւած ներկայ ասպարէզներուն մէջ: Անոնք վերահաստատեցին այն իրականութիւնը, որ այս Ճեմարանը լաւագոյն վայրն է այն աշակերտին համար, որ վճռած է ու կÿաշխատի ունենալ փայլուն ապագայ մը, կրթական այս հասատատութիւնը նուազ տուեալներ ու առաւելութիւններ չունի քան այլ տեղական դպրոցներ: Բանախօսները բարձր գնահատեցին նաեւ ճեմարանէն ներս տարուած բարձրորակ աշախատանքը եւ կոչ ուղղեցին ներկաներուն նաեւ բացականերուն, որ ամուր ու զօրաւոր հիմերու վրայ պահեն այս հաստատութիւնը: Թամարը եւ Զորիկը իրենց առողջ ու շինիչ գաղափարներով արժանացան ներկաներու հիացմունքին եւ բուռն ծափահարութեան:
Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ պարգեւած հայերէն լեզուի մէջ յառաջադէմ աշակերտներու գնահատագրերու բաշխումը կատարեց Հոգեշնորհ տէր վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան: Սոյն գնահատագրերուն արժանացան 5-րդ կարգէն Թրինա Անդրիասեան եւ Գէորգ Մուրատեան, 6-րդ կարգէն Գայեանէ Միքայէլեան, 7 եւ 8րդ կարգերէն Անդրանիկ Շուկայեան, 9 եւ 10րդ կարգերէն Քրիստինա Պոյաճեան:
Խորհրդաւոր եւ յուզիչ պահ էր 12-րդ կարգի աւարտական վկայականներու բաշխման արարողութիւնը ձեռամբ Պրն. Քայլար Միքայէլեանի եւ Օր. Ճէնի Համընտի: Այս տարի 12-րդ կարգէն շրջանաւարտ եղան 16 աշակերտներ: Յաջողութիւն եւ վերելք կը մաղթենք բոլորին:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Ճեմարանի նոր պետերու նշանակումը: Փոխանցումը կատարեցին նախկին պետեր Թամար Կիւլիւմեան եւ Դրօ Մհեր Թիւֆէնքճեան եւ իրենց շքանշանները յանձնեցին նորընտիր պետեր Նաթալի Աղաջանեանին եւ Սասուն Սիմոնեանին:
2007-ի Յատուկ գնահատագրերուն արժանացան հետեւեալ աշակերտները:
Information Technology Award-ին արժանացաւ 10-րդ կարգի աշակերտ Հայկ Վարդուկեան:
Կարօ Վարդուկեան գնահատագրին արժանացաւ 2006 տարուան շրջանաւարտ Լիանա Ֆաթթուհ:
Թորոս Քարամանեան գնահատագրին արժանացաւ 12-րդ կարգի աշակերտ Դրօ- Մհեր Թիւֆէնքճեան:
Australian Defence Award-ին արժանացան 10-րդ կարգէն Քրիստինա Պոյաճեան: 11-րդ կարգէն Խաժակ Մոսկոֆեան եւ 12-րդ կարգէն Շանթ Հէքիմեան:
Ruben F. Scarf Award-ին արժանացաւ 11-րդ կարգէն Ալինէ Ակօն:
Armenian College Calcutta Award-ին արժանացաւ 12-րդ կարգէն Նայիրի Սողոմոնեան:
Յատուկ գնահատագրի արժանացաւ 12-րդ կարգէն Հէլէնա Ֆաթթուհ, որ յատուկ յառաջդիմութիւն եւ նուիրում ցուցաբերած էր տարուան ընթացքին իր ամբողջացուցած Hospitality դասընթացքին մէջ, որ կատարած էր դպրոցի սովորական ժամերէն դուրս:
Յայտագրի վերոյիշեալ բաժինէն ետք, Օր. Ճէնի Համընտ յայտարարեց, որ դժբախտաբար յառաջիկայ տարի մեզի հետ պիտի չըլլայ երկար տարիներու ճեմարանի երկրորդական բաժնի մէջ պաշտօնեայ (թուաբանոթեան ուսուցչուհի) Տիկ. Ճէնի Լէամպ, որ իր հրաժարականը ներկայացուց ընտանեկան պարտականութիւններով ծանրաբեռնուած ըլլալուն պատճառաւ: Բեմ հրաւիրուեցաւ Տիկ. Լէամպ, որ բաւականին յուզուած արտասանեց իր մնաք բարով-ի խօսքը, ան բարձր գնահատեց ճեմարանի կազմին զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը իրեն, որուն շնորհիւ ինք կրցած էր իր լաւագոյնը տալ մեր աշակերտութեան: Ինչպէս նաեւ Տիկ. Լէամպ յայտնեց, որ այս ճեմարանը իրեն համար եղած էր ամենալաւ գործի միջավայրը, ուր կը դասաւանդուին եւ կը կիրարկուին քրիստոնէական եւ բարոյական բարձր արժէքները, որոնց հանդէպ ինք եւս խոր հաւատք եւ համոզում ունի: Ճեմարանի կազմը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց հրաժարեալ ուսուցչուհիին եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն եւ ապագայ ծրագիրներու յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ ծաղկեփունջով եւ յուշանուէրով պատուեց Տիկ. Ճէնի Լէամպը:
Երկրորդական բաժնի համակարգիչի ուսուցիչ Ռոպէրթ Ազիզեան ինք եւս հրաժարեցաւ իր ուսուցչական պաշտօնէն այլ գործի ասպարէզ մը սկսելու պատճառաւ: Յաջողութիւն Պրն. Ազիզեանին իր յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Հանդիսութեան աւարտին Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեանը շնորհաւորեց ճեմարանի կազմը, որ տարի մը եւս խումբ մը հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ շրջանաւարտ եղան հայաբոյր այս օճախէն եւ հակառակ այն բոլոր դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւէ այս ճեմարանը տարի մը եւս հպարտօրէն ու փառաւոր ձեւով կը փակէ իր ուսումնական տարեշրջանը. ան շնորհաւորեց պարգեւատրուող աշակերտներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի մը բոլորելնուն համար:
Իր խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը բեմ հրաւիրեց Ճեմարանի Տնօրէն Պրն. Ք. Միքայէլեանը եւ անոր յանձնեց Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ յուշանուէր մը Պրն. Միքայէլեանին պաշտօնավարութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով: Հայր Սուրբը բարձր գնահատեց Պրն. Միքայէլեանի տարած աշխատանքը եւ շեշտեց անոր ունեցած համակ սէրն ու նուիրումը հանդէպ այս հաստատութեան, մաղթելով անոր անսպառ ոյժ եւ կորով շարունակելու իր հայանպաստ առաքելութիւնը:
Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով իր աւարտին հասաւ 2007 տարեշրջանի ՀԱՍԳ ճեմարանի 12-րդ կարգի աշակերտներու վկայականաց բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը: