
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Գրիգոր Ակոբեանի ալպոմի մակագրութիւնը եւ իր անհատական հաւաքածոյին ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին 98 աքրելիք եւ խառն թեքնիք պաստառներ, որոնք Ակոբեանի անձնական հաւաքածոյին մաս կը կազմէին:
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յիշատակելի առիթ նկատեց սոյն նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ Ակոբեանի աւելի քան 50 տարիներու ստեղծագործական աշխատանքին ցուցահանդէսն է: «Յիսուն տարիներ համակ նուիրում, հաւատարմութիւն, իր գործին հանդէպ անկեղծութիւն, ելեւէջներ կեանքին մէջ եւ ահաւասիկ այսօր կը ներկայանայ իր տիտանային գործով, իր հսկայական թիւով ցուցահանդէսներու արգասիքը հանդիսացող աշխատանքներով, նաեւ տակաւին միշտ նորոգուելու կամքով ու դէպի առջեւ նայելու վճռակամութեամբ»,- հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ ինք ծանօթացած է արուեստագէտին ցուցասրահի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ տասը տարիէ կը գործակցի իրենց հետ` աւելցնելով, որ Ակոբեան այլ արուեստագէտներու շարքին իր ներդրումը ունեցաւ լիբանանահայ գեղանկարչական ասպարէզին մէջ: Հաւաթեան ըսաւ, թէ Ակոբեան բծախնդիր եւ կարգապահ արուեստագէտ մըն է, նաեւ կեանքին նկատմամբ ունի պայծառ պատկերացում եւ բոլոր դժուարութիւնները ժպիտով յաղթահարելու վճռակամութիւն, եւ իր արուեստը կը ժպտայ մեզի, կ՛ազնուացնէ մեր հոգիները, կը գեղեցկացնէ մեր միջավայրը: