
Հովանաւորութեամբ «Իննովաս ֆարմ» ընկերութեան տնօրէն տոքթ. Ռիթա Սըֆէյրի, Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի «Յոյսի աղբիւր» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին մեծ թիւով լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօրուան ցուցահանդէսը հարազատօրէն կ՛արտացոլէ արուեստագէտին աշխուժ եւ կենսունակ գործունէութիւնը: Այտընեանի գործերուն մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել հոգիի էութիւնը եւ մարդկային պոռթկումը: Անոր գործերուն մէջ ընդհանրապէս ներկայ են կինն ու ծառը` արուեստագէտին իւրայատուկ ոճով եւ զօրաւոր գոյներով: