
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու: Ցուցադրուած էին տարբեր չափերու եւ թեմաներու 53 իւղաներկ պաստառներ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեան մասնակցած է աւելի քան 12 անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Այս ցուցահանդէսը սովորական ցուցահանդէս մը չէ, այլ` նման է այն բոլոր ցուցահանդէսներուն, որոնք կը հետապնդեն բարեսիրական նպատակ` կարօտեալին, անկարին, նաեւ ապագայ սերունդի դաստիարակութեան համար օգտակար դառնալու: