
Շաբաթ, 11 Մայիս 2024-ի երեկոյեան կիպրահայութիւնը արուեստի հոգեթով պահեր ապրեցաւ, ներկայ գտնուելով Համազգայինի «Գուսան-Սիփան» Երգի-Պարի Համոյթի ձեռնարկին, որ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ։
Արդարեւ, Կիպրոսի Համազգայինի 24-րդ տարեկան ձեռնարկը, որուն զոյգ հովանաւորներն էին Կիպրոսի Մշակոյթի նախարար Դոկտ․ Վասիլիկի Կասիանիտու եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, այս տարի ներկայացուեցաւ Լիբանանի եւ Կիպրոսի կազմերուն միացեալ ջանքերով, որոնք ձեռք-ձեռքի տալով հանրութեան ներկայացուցին Երգի-Պարի Համոյթ մը, բաղկացած Լիբանանի «Գուսան» Երգչախումբէն եւ Նիկոսիայի «Սիփան» Պարախումբէն։
Երկու վաստակաւոր վարպետներու՝ Մաեստրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ Պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի աշխատանքով ու Գրիգոր Քէլէշեանի ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որ հմայեց ոչ միայն ներկայ հայութիւնը, այլեւ բաւական մեծ թիւով յոյն եւ օտար քաղաքացիներն ու հրաւիրեալ պաշտօնական հիւրերը։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման եւ նախարար Տիկին Կասիանիտուի ողջոյնի խօսքերէն ետք, սկսաւ յայտագիրը։ «Գուսան»ի եւ «Սիփան»ի միացեալ կամ առանձին ելոյթներէն զատ յայտագրին մասնակցեցան նաեւ Համազգայինի Պաֆոսի «Անի» եւ Լիմասոլի «Կիլիկիա» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ Նիկոսիայի «Նանօր» մանկա-պատանեկան պարախումբը, բուռն ծափահարութիւններ խլելով հանդիսատեսներէն։
Բարձր մակարդակի եւ գրեթէ կատարելութեան հասնող բեմադրութիւն մը, որ տարիներ պիտի յիշուի կիպրահայութեան կողմէ, ու յատկապէս կատարողներուն ու անոնց ղեկավարներուն կողմէ, որոնք գոհունակութեան բերկրալի պահեր ապրեցան յայտագրի ամբողջ տեւողութեան։
Հանդէսի վերջաւորութեան, համբոյրներէ, գիրկընդխառնումներէ, ծաղկեփունջերէ եւ անզուսպ արտայայտութիւններէ ետք, բոլորի մտքին մէջ կար այն մտածումը, թէ այսպիսի մաքուր հայկական, որակաւոր ներկայացում դարձեալ ե՞րբ պիտի վայելեն։