
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ժամանակակից հրատարակութիւններու ներկայացում: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ներկաներուն յիշեցուց, թէ Արցախէն Լիբանան եկած է արուեստագէտներու պատուիրակութիւն մը, որ զանազան առիթներով ու ձեռնարկներու միջոցով շփում պիտի ունենայ լիբանանահայ գաղութին հետ: Ան անդրադարձաւ Համազգայինի Հայաստան հաստատումի պատմութեան, ինչպէս նաեւ 2 տարիներ առաջ Արցախի մէջ Համազգայինի գրասենեակի բացումին ու գործունէութեան` Լիբանան-Արցախ համագործակցութեան ու արուեստագէտներու փոխադարձ այցելութեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի դէպի սփիւռք գործուղումը սկիզբ առաւ Լիբանանէն: Իր խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան ներկայացուց Արցախէն եկած խումբի անդամները` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն, գրականութեան ու մշակոյթի մասնագէտ եւ գիրքերու հեղինակ Հերմինէ Աւագեան, գեղանկարիչ եւ արուեստագէտ Լիանա Քոչարեան, արցախեան ձեռարուեստի մասնագէտ Սաթենիկ Այելեան, «Արցախ Կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ երգիչ Արթուր Խաչենց:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: