
Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին նախաձեռնած Արցախեան մշակութային օրերը ընթացք առին Այնճարի «Սարգիս Զէթլեան» ժողովրդային տան մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին: Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Լալիկ Խօշեան, որ ողջունեց Արցախի պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար եւ անդրադարձաւ Այնճարի ու Արցախի միջեւ ստեղծուած անքակտելի կապին, որ արդէն ունի խոր արմատներ:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութիւնը` անդրադառնալով Հայաստան-Լիբանան, ինչպէս նաեւ Արցախ-Լիբանան մշակութային կապերու հոլովոյթին, որ արդէն իսկ երկար ճամբայ կտրած է, եւ այս կամրջումը յաւելեալ աշխուժութիւն տուած է գաղութի մշակութային ու գրական կեանքին: Ապա Հաւաթեան անդրադարձաւ Արցախի նորաստեղծ գրասենեակին առաքելութեան եւ բազմագաւառ գործունէութեան:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան իր կարգին ներկայացուց գրասենեակի գործունէութեան եւ աշխատանքային մարզերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Արցախի ժամանակակից գրականութեան եւ երիտասարդ գրողներուն, որոնց հետ գրասենեակը ստեղծած է կենդանի կապ: Ան ներկայացուց նաեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի մշակութային տարեգիրքի անդրանիկ թիւը, որ պիտի ունենայ պարբերական բնոյթ եւ որուն կ՛աշխատակցին արցախցի մեծ թիւով մտաւորականներ եւ մշակութային գործիչներ: Այս առիթով ան անդրադարձաւ նաեւ իր հեղինակած «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ…» գործին, որ պատմուածքներու շարք մըն է, որ կը ներկայացնէ իր պատանեկան տարիքի ականատեսի վկայութիւնը արցախեան պատերազմի մասին: