Եւրոպա
Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի Courants d'Art գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, L'acte 12 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում զրոյց մը։
Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ Դատի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեան եւ հեռակայ կապով` Արցախի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գեւ Իսկաճեան։
Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացան Համազգայինի youth links-ի մասնակից ուսանողները եւ իրենց պարուսոյցին ու ներկաներուն հետ ներկայացուցին հայկական շուրջպար մը, փոխանցելով հայուն` ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու կամքն ու վճռականութիւնը։