
Արցախեան շունչն ու ոգին, բոյրն ու մշակոյթը, աւանդութիւններն ու բարբառը 29 փետրուար 2024-ի ամբողջ օրուան ընթացքին տիրական էին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մէջ, որուն աշակերտները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը խօսուն ու գործնական կերպով իրենց կարօտն ու սէրը, կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը արտայայտեցին Արցախի նկատմամբ` ոչ միայն դպրոցական օր մը նուիրելով Արցախին, այլ նաեւ` առաւելագոյն չափով փորձելով զայն ապրող ներկայութիւն դարձնել մանկամսուրէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:
Արդարեւ, առաւօտեան ճեմարանի աշակերտները հաւաքուեցան տարրական բաժինի բակը, ուր վարժարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ըսաւ, որ դպրոցին մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ առիթներու օրեր նշելու ծիրին մէջ կայացող մշակութային-ազգային օրը այս տարի նուիրուած է Արցախին: Ան նշեց, որ թէեւ բոլորս գիտենք, թէ Արցախը հայաթափուած է այսօր, արցախահայութիւնը բռնի կերպով լքած է իր տունն ու հողը, բայց Արցախը մեր հայկական պապենական հողերն են, հայոց պատմութեան մէջ իր տեղը, դերն ու արժէքը ունի, Արցախը հարուստ է` իր պատմութեամբ, ժառանգութեամբ, մշակոյթով, կոթողներով, եւ ան կը մնայ արցախահայութեան ու համայն հայութեան հարազատ հողը: Ասկէ մեկնած` տնօրէնը կարեւոր նկատեց Արցախը վերապրեցնելը, որուն նպատակով ալ Ճեմարանի մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով պատրաստուած են Արցախի օրուան համար: