
Սփիւռքի եւ առհասարակ հայկական իրականութեան մշակութային կեանքին մէջ անգնահատելի է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Բագին» գրական հանդէսին դերը:
«Բագին»-ի անդրանիկ թիւը լոյս տեսած է 1962-ին Պէյրութի մէջ` խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Տարբեր տարիներու ամսագիրի խմբագիրները եղած են` Եդուարդ Պոյաճեանը, Պօղոս Սնապեանը, Յակոբ Պալեանը, իսկ 2016-ին այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց երիտասարդ գրող, մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը:
«Բագին»-ի 55-ամեայ յոբելեանը հայրենիքի մէջ նշուեցաւ 22 Սեպտեմբեր 2018-ին` «Ակումբ» սրահին մէջ` զրոյց-քննարկումով, որուն ներկայ էին «Բագին»-ի խմբագիրը, խմբագրական խորհուրդէն անդամներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` մտաւորականներ եւ մշակութասէրներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրականագէտ, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Արքմենիկ Նիկողոսեանը, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ, դոկտոր Վիգէն Թիւֆենքճեանը ներկայացուց հանդէսի հակիրճ պատմականը: «Բագին»-ի այսօրուան եւ ապագայի ուղենիշներուն մասին խօսեցաւ խմբագիր Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը: Խօսքերուն յաջորդեց աշխուժ հարց ու պատասխան:
Զրոյցին իրենց մեկնաբանութիւններով մասնակից դարձան` գրականագէտ, թարգմանիչ Մարք` Նշանեանը, բանասէր, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանը, սփիւռքահայ մտաւորական Եսայի Հաւաթեանը, արձակագիր, պատմաբան Յովհաննէս Զատիկեանը, արձակագիր, «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Արամ Պաչեանը եւ ուրիշներ:
Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու «Բագին»-ի վերջին թիւերուն եւ անոնցմէ տանելու իրենց հետ: