
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական հանդէսի ներկայացման ձեռնարկ մը: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բանախօսներն էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սեւան Տէյիրմենճեան:
Ինչպէս ծանօթ է, 2016-ին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ այժմ քանատաբնակ, լիբանանահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան` խմբագրական նոր խորհուրդի մը գործակցութեամբ: Իր խմբագրութեամբ արդէն հրատարակուած է հանդէսին 2016-ի առաջին թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանին` վերջինիս ծննդեան 70-ամեակին առիթով:
Գրական զրոյցը տեղի ունեցաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Պոլիս այցելութեան, ինչպէս նաեւ նոր ուղի մտած «Բագին»-ին առաջին թիւին առիթով: Նպատակն էր ծանօթացնել «Բագին»-ը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Գրիգոր Պըլտեանի գրական վաստակին: