
18 Սեպտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ նշուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պարբերականին` «Բագին»-ի 60-ամեակը, որ կայացաւ Ազգային գրադարանին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքի անդամներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ պարբերականին անցած պատուաւոր ուղիին` նշելով, որ անիկա իր առաքելութեամբ փոխարինելու եկաւ «Հայրենիք» ամսագիրին` շարունակելով վերջինիս որդեգրած ազգային չափանիշները եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ծառայել հոգեւոր Հայաստանի կերտման:
«Հոգեւոր Հայաստանն է, որ մեզ ապրեցուցած եւ նպատակներու մղած է: Առանց հոգեւոր Հայաստանի մենք ֆիզիքական Հայաստան չէինք ունենար: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հասկնայ ու իր մէջը կրէ հոգեւոր հայրենիքը», շեշտեց Ռուզան Առաքելեան, ապա անուն առ անուն նշեց այն բոլոր խմբագիրներուն անունները, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ անվերապահ նուիրումով իրենց ազգանուէր ծառայութիւնը բերած են հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման:
«Բագին» պարբերականի ներկայի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեան բովանդակալից կերպով անդրադարձաւ «Բագին»-ի գործունէութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց «Բագին»-ի 60 տարուան պատմութիւնը եւ հարց տուաւ, թէ` «Արդեօք «Բագին» կրցա՞ւ իրագործել իր իսկ խմբագիրներուն կողմէ մշակուած ուղեգիծը: Այստեղ կ՛ուզեմ նշել քանի մը կարեւոր փաստ եւ կը ձգեմ, որ դուք կատարէք եզրակացութիւնը:
Առաջին` «Բագին» սերունդի մը հանդէսը չեղաւ, այլ իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն դարձաւ երեք ու աւելի սերունդներ հիւրընկալողի հանդէսը: Եթէ խօսինք առաջին տասնամեակին մասին, պիտի ըսենք, որ «Բագին» կամուրջ մը հանդիսացաւ Կարօ Սասունիի, Եդուարդ Պոյաճեանի եւ Վահէ Օշականի սերունդներուն միջեւ:
Երկրորդ` «Բագին» չեղաւ միայն Միջին Արեւելքի կամ Լիբանանի գրողներու հաւաքավայրը կամ խանդավառ բեմը. սփիւռքի համարեա՛ բոլոր գրողները նոյն խանդավառութեամբ ողջունեցին անոր ծնունդը` առաջին օրէն ու հետագային նոյն ոգեւորութեամբ աշխատակցելով անոր, ինչպէս` Արամ Հայկազ, Յակոբ Կարապենց, Գուրգէն Մխիթարեան, Ա. Արփինէ, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի, Արսէն Երկաթ, Բենիամին Թաշեան, Արամ Գառօնէ, Արմանտ, Լեւոն Գարմէն եւ Լեւոն Մկրտչեան:
Երրորդ` սփիւռքի գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ ունեցող երիտասարդ գրողներ իրենց ինքնահաստատման փորձերը կատարեցին «Բագին»-ի էջերուն մէջ:
Չորրորդ` «Բագին» յստակ դիրքորոշում ունեցաւ ձգտումնաւոր գրականութեան անհեթեթութեան դէմ` պաշտպանելով հայրենիքի գրողներու ազատութեան իրաւունքը: Մինչ հայրենիքի մէջ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, «Բագին» իր էջերը լայն կը բանար անոնց առջեւ եւ յանդգնութիւնը կ՛ունենար դէմ կենալու խորհրդային գրաքննութեան իբրեւ արդիւնք` գրական աղճատումներուն, իր արժանաւոր դերակատարութիւնը ունենալով գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ :
Հինգերորդ` «Բագին» տեղ տուաւ թարգմանական գրականութեան: Փիրանտելլօ, Է. Էունեսքօ, Պեքեթ, Հարոլտ Փինթըր, Ժան Ժընէ, Ֆոլքնըր, Ատոնիս… Այս բոլորը եւ ուրիշներ թարգմանուեցան եւ ներկայացուեցան ընթերցողին:
Վեցերորդ` Պօղոս Սնապեանի ջանքերով «Բագին»-ի էջերը տրամադրուեցան շատ մը գրողներու անտիպներուն, ինչպէս, օրինակ, Վազգէն Շուշանեանի եւ Յակոբ Օշականի:
Եօթներորդ` «Բագին» տպեց բացառիկ թիւեր…»:
«Բագին»-ի բովանդակային արժեւորումը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Խօսքը ամբողջութեամբ ընթերցել այստեղ):
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց «Բագին»-ի 60-ամեակը, այնուհետեւ իրականացուց երաժշտական գեղեցիկ կատարում` նուագակցութեամբ դաշնակահար Լենա Թորոսեանի:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Արտաշէս Շահպազեանը եւս: Ան շեշտեց, որ պարբերականը այսօր ալ կը շարունակէ պատուով կատարել իրեն վստահուած դժուար, բայց կարեւոր առաքելութիւնը:
Յոբելեանին առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Տեմիրճեան «Բագին»-ի 60-ամեակը շնորհաւորելէ ետք կարեւոր նկատեց պարբերականի համագործակցութիւնը Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ, նշեց, որ «Բագին»-ը կարեւոր հարթակ է նոր անուններ ի յայտ բերելու եւ հանրաճանաչ դարձնելու գործին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս կարեւոր համագործակցութիւնը կը շարունակուի:
Խօսք արտասանեց նաեւ բանաստեղծ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանը: Արցախցի երգիչ Արթուր Խաչենցը իր հոգեպարար երգով նոր շունչ հաղորդեց ցերեկոյթին` կատարելով «Արի՛, իմ սոխակ» երգը:
Ձեռնարկին երկրորդ մասը նուիրուեցաւ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում» գիրքի ներկայացման, մինչ գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ վերլուծեց գիրքին բովանդակութիւնը:
Ցերեկոյթը եզրափակեց Ռ.Առաքելեանը` շեշտելով, որ` «Համայն հայութեան սեւեռակէտը պիտի դառնայ Հայաստանը` Արցախով հանդերձ, որովհետեւ առանց հայրենիքի` սփիւռքը կը կորսնցնէ իր ամբողջական բովանդակութիւնը»: