
«Առ հասարակ արուեստի աշխարհը հայելի մըն է, իսկ արուեստագէտի հայելին դիւրաբեկ ու փխրուն»։ Վահէ Պէրպէրեան
Աւստրալիոյ Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբը՝ իր նորագոյն ծիծաղաշարժ կատակերգութիւնը ներկայացուց, հովանաւորութեամբ թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի։
Երկու արարով, «Բախտաւոր Հայրը» թատրերգութեան ներկայացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին: «Զէնիթ» դահլիճը լեցուն էր թատերասէր հասարակութեամբ։
«Փառապանծ գրութեամբ լեցուն են մեր պատմութեան էջերը» իր բացման խօսքով քաջարի կեցուածքով ողջունեց ներկաները Ազնիւ Ինկիլիզեան։ Ապա ընթացք առաւ թատրոնը։ Երգիծական այս կտորը հանդիսատեսը կապուած պահեց սկիզբէն մինչեւ վերջ, ուրախ ու բարձր տրամադրութիւն յառաջացնելով իւրաքանչիւրին հոգիէն ներս։
Հեղինակ ու բեմադրիչ Կարօ Խաչիկեանի՝ թատրոնի հանդէպ կառչած մնալն ու սէրը բերկրանք մըն է եւ անքակտելի կապուածութիւն մը հանդէպ իր ներկայացնելիք դերին։ Հայ թատրոնին սպասարկել ամեակներ շարունակ, իբրեւ դերասան, հեղինակ եւ բեմադրիչ, մանաւանդ այս հեռաւոր խաղաղ ափերուն, ուր ճերմակ ջարդը իր ճանկերը կը տարածէ, իսկապէս յամառ ու յանդուգն քայլ կարելի է համարել այժմէական կեանքի իրապաշտ դրսեւորումով։
Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» խումբին հերոսական այս քայլը հանրութեան հրամցնելու կատակերգական դրուագները, որոնք բարձր տրամադրութիւն յառաջացնող լոկ միջոցներ են եւ դեղի չափ բալասանը կը հանդիսանան մարդկութեան առօրեայ հեւքէն ետք։
Այսօրուան Հայ արդի թատրոնը իր 19 երիտասարդ դերասան-դերասանուհիներով, բոլորն ալ անխտիր հմուտ քայլերով բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին հարազատօրէն իրենց ստանձնած դերը, ճկուն խաղարկութեամբ։ Անոնք երանգ ու աշխուժութիւն ներառեցին կատակերգական տեսարաններով։ Այսպէս բարձր տրամադրութեամբ խիստ ծիծաղաշարժ դարձուածքներով շարունակուեցաւ կատակերգութիւնը միչեւ նիւթին աւարտը։
Այստեղ բարոյական դասը ակնյայտ է, նիւթականը կեանքի մէջ միշտ տիրապետող բաժինն է։ Հարստութիւն դիզած անձեր շատ են, բայց անոնք կեանքը ապրիլ չեն գիտեր, երջանկութիւնը չունին, զայն ըմբոշխնելու ձեւը չեն գիտեր։ Գնահատելի է, որ հայկական աւանդութիւնները դեռ շարունակելի են հայ ընտանիքներէն ներս։ Կանայք, որոնք հեռու են ազգային գործերէ, սին բաներով կը լեցնեն իրենց ժամերը, ընտանեկան տագնապներ յառաջացնելով կ'ապրին աննպատակ կեանք: Ի վերջոյ միջավայրի ազդեցութիւնը եւս միշտ իր գործօն դերը ունի, ինչպիսին է բախտախաղը ամենուրեք։
Եզրափակիչ խորախորհուրդ միտքը այս թատրերգութեան այն է, որ պէտք է աշխատինք կեանքի արժէքը գիտնալ։ Մտածենք եւ գուրգուրանք մեր ընտանիքին վրայ։ Բարձր դասենք մեր մշակոյթը թատրոնի ընդմէջէն։
Աւարտին՝ ընկհ․ Ազնիւ անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ, շնորհաւորեց ամբողջ խումբը իր փայլուն յաջողութեան համար, ապա հրաւիրեց թատերախումբին վարչական կազմի ատենապետ Վարանդ Ճամպազեանը փոխանցելու իր խօսքը։ Ան հպարտութեամբ շնորհաւորեց խումբին ներայացուցած դաստիարակիչ կտորը, պարգեւատրեց բեմադրիչը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք բեմէն ներս թէ վարագոյրի ետին, իրենց բաժինը բերին երեկոն յաջողցնելու։
Զարուհի Մանուկեան
25-03-2019