
«Առ հասարակ արուեստի աշխարհը հայելի մըն է, իսկ արուեստագէտի հայելին՝ դիւրաբեկ ու բխրուն»։
Վահէ Պէրպէրեան
Աւստրալիոյ Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբը իր նորագոյն ծիծաղաշարժ կատակերգութիւնը ներկայացուց հովանաւորութեամբ թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի։
Երկու արարով «Բախտաւոր Հայրը» թատրերգութիւնը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին: «Զէնիթ» դահլիճը լեցուն էր թատերասէր հասարակութեամբ։
«Փառապանծ գրութեամբ լեցուն են մեր պատմութեան էջերը»,- իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները Ազնիւ Ինկիլիզեան։ Ապա ընթացք առաւ թատրոնը։ Երգիծական այս կտորը հանդիսատեսը կապուած պահեց սկիզբէն մինչեւ վերջ, ուրախ եւ բարձր տրամադրութիւն յառաջացնելով իւրաքանչիւրի հոգիէն ներս։
Հեղինակ ու բեմադրիչ Կարօ Խաչիկեանի՝ թատրոնի հանդէպ կառչած մնալն ու սէրը բերկրանք մըն է եւ անքակտելի կապուածութիւն մը՝ հանդէպ իր ներկայացնելիք դերին։ Հայ թատրոնի վրայ մնալ ամեակներ շարունակ, իբրեւ դերասան, հեղինակ եւ բեմադրիչ, մանաւանդ այս հեռաւոր խաղաղ ափերուն, ուր ճերմակ ջարդը իր ճանկերը կը տարածէ, իսկապէս յամառ ու յանդուգն քայլ կարելի է համարել այժմէական կեանքի իրապաշտ դրսեւորումով։
Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» խումբին հերոսական այս քայլը՝ կատակերգական դրուագները հանրութեան հրամցնելը, բարձր տրամադրութիւն յառաջացնող միջոց մըն է եւ դեղի չափ բալասանը կը հանդիսանայ մարդկութեան առօրեայ հեւքէն ետք։
Այսօրուան Հայ արդի թատրոնը իր 19 երիտասարդ դերասան-դերասանուհիներով, բոլորն ալ անխտիր հմուտ քայլերով բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին հարազատօրէն իրենց ստանձնած դերը, ճկուն խաղարկութեամբ։ Անոնք երանգ ու աշխուժութիւն ներառեցին կատակերգական տեսարաններով։ Այսպէս բարձր տրամադրութեամբ խիստ ծիծաղաշարժ դարձուածքներով շարունակուեցաւ կատակերգութիւնը միչեւ նիւթին աւարտը։
Այստեղ բարոյական դասը ակնյայտ է՝ նիւթականը կեանքի մէջ միշտ տիրապետող բաժինն է։ Հարստութիւն դիզած անձիք շատ են, բայց անոնք կեանքը ապրիլ չեն գիտեր, երջանկութիւնը չունին, զայն ըմբոշխնելու ձեւը չեն գիտեր։ Գնահատելի է, որ հայկական աւանդութիւնները դեռ շարունակելի են հայ ընտանիքներէն ներս։ Կանայք, որոնք հեռու են ազգային գործերէ, սին բաներով կը լեցնեն իրենց ժամերը, ընտանեկան տագնապներ յառաջացնելով կ'ապրին աննպատակ կեանք, ի վերջոլ միջավայրի ազդեցութիւնը եւս միշտ իր գործօն դերը ունի, ինչպիսին է բախտախաղը ամենուրէք։
Եզրափակիչ խորախորհուրդ միտքը այս թատերգութեան այն է, որ պէտք է աշխատինք կեանքի արժէքը գիտնալու համար, մտածենք եւ գուրգուրանք մեր ընտանիքին վրայ։ Բարձր դասենք մեր մշակոյթը թատրոնի ընդմէջէն։
Աւարտին՝ ընկհ․ Ազնիւ անգամ մը եւս բարձրացաւ բեմ շնորհաւորեց ամբողջ խումբը իր փայլուն յաջողութեան համար, ապա հրաւիրեց թատերախումբին վարչական կազմի ատենապետ Վարանդ Ճամպազեանը իր խօսքը փոխանցելու։ Ան հպարտութեամբ շնորհաւորեց խումբին ներայացուցած դաստիարակիչ կտորը, պարգեւատրեց բեմադրիչը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք բեմէն ներս թէ վարագոյրի ետին, իրենց բաժինը բերին երեկոն յաջողցնելու։
Զարուհի Մանուկեան